Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն քարտուղարն է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հարցով խորհրդակցական նիստ մը, որուն ներկայ էին պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից պետութիւններու դեսպանատուններէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Լիբանանի մէջ յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնակատար Ժան Առնոն, ՖԻՆԻՒԼ-ի պետի տեղակալ Էրվէ Լըքոքը եւ Լիբանանեան կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէն:
Յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ նիստէն ետք յայտնեց. «Մէկէ աւելի դեսպաններ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին եւ աջակցութիւն յայտնեցին Լիբանանին, ինչ որ մեզ քաջալերեց շարունակելու հարաւային Լիբանանի մէջ դատարկութեան ստեղծումը արգիլելու մեր աշխատանքը»:
Ան ըսաւ, որ յանձնախումբը հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն եւ ոչ մնայուն անդամ պետութիւններու հետ, եւ փորձ պիտի կատարուի հանդիպումները ամբողջացնելու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` Լիբանանը ներկայացնելու համար Նիւ Եորք մեկնելէն առաջ:
Երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ հարցը միջազգային առաքելութեան մը աւարտին առնչուած վարչական խնդիրի մը չի վերաբերիր, այլ հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան, կայունութեան ու խաղաղութեան ապագային:
«Իսկական հարցականը այն չէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը 31 դեկտեմբեր 2026-ին պիտի աւարտի՞, թէ՞ ոչ, այլ յաջորդ օրը ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ տեւական կայունութեան հիմերը չհաստատուած ՄԱԿ-ի հովանին շրջանէն բացակայի», հարց տուաւ Խալաֆ: