Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին Սուրիոյ Հետ Բանակցութեան Ձախողութիւնը Կը Հաստատէ

Իսրայէլացի բարձրաստիճան դիւանագիտական պաշտօնատար մը Սուրիոյ կառավարութեան հետ ապահովական համաձայնութիւն գոյացնելու բանակցութիւններուն ձախողութիւնը հաստատեց:

Ան իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Փորձեցինք ապահովական համաձայնութեան հասնիլ, եւ վերջաւորութեան չյաջողեցանք»:

Պաշտօնատարը բանակցութիւններու ձախողութեան պատճառը այլ ազդակներու կողքին վերագրեց Սուրիոյ վրայ պատժամիջոցներու մեղմացման, որ անոր համաձայն, Դամասկոսին համաձայնութիւն գոյացնելու խթանները նուազեցուցած է:

Ան նշեց, որ արգելակիչ գօտին տարակարծութեան գլխաւոր նիւթն էր, որովհետեւ Իսրայէլ մերժած է ընդունիլ համաձայնութիւն մը, որ իրեն կը ստիպէ այդ գօտիէն հեռանալ: «Չէինք կարծեր, որ ապահովական համաձայնագիրի ծիրին մէջ պէտք է արգելակիչ գօտիէն հեռանանք», ըսաւ ան:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան դիւանագիտական պաշտօնատարը «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին յայտնեց, որ հակառակ համաձայնութեան գոյացման ձախողութեան, Իսրայէլի եւ Դամասկոսի միջեւ հաղորդակցութեան կապերը շարք մը մակարդակներու վրայ կը գոյատեւեն` նշելով, որ բանակցութիւնները անդրադարձած են հարաւային Սուրիոյ մէջ ապահովական դասաւորումներուն:

Leave a Comment