Սինիորա Բարձր Գնահատեց Պըրրիի Արտասանած Խօսքը

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա բարձր գնահատեց «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման 48-ամեակին առիթով արտասանած խօսքը` մասնաւորաբար Պըրրիի հաւատարմութիւնը Լիբանանի միասնութեան, անոր անկախութեան, լիակատար գերիշխանութեան, արաբական ինքնութեան, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան եւ քաղաքացիական խաղաղութեան նկատմամբ` Թաէֆի համաձայնագիրի հովանիին տակ, եւ ատոր պատշաճ իրականացման յանձնառութեան նկատմամբ` Լիբանանի պետութեան, անոր սահմանադրական, քաղաքական ու վարչական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ անոր օրինական զինուորական եւ ապահովական մարմիններու հովանիին տակ»:

«Մեկնելով Պըրրիի ըսածներէն, որոնց մէջ ան ուրուագծեց լիբանանեան քաղաքական ու ազգային յստակ գիծ, այս զգայուն ու կարեւոր փուլին բոլոր ջանքերը պէտք է համատեղուին Լիբանանը իբրեւ պետութիւն, ազգ եւ անոր հաստատութիւնները վերականգնելու եւ վերակենդանացնելու համար` հիմնարար սկզբունքներու, մասնաւորապէս` Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Լիբանանի սահմանադրութեան, լիբանանեան պետութեան ազգային որոշումները կայացնելու բացառիկ իրաւունքին եւ լիբանանեան օրինական զինուորական ու ապահովական մարմիններու զէնքի մենաշնորհին հիման վրայ, եւ որ պետութիւնը կը բանակցի իր անունով եւ իր համար», նշեց ան:

«3 յուլիսին հրապարակուած յօդուածին մէջ ան արտայայտեց շրջագծային համաձայնագիրին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ Լիբանանի պետութեան ու անոր օրինական ներկայացուցիչներուն կողքին կանգնելու անհրաժեշտութեան մասին` իսրայէլացի բռնագրաւողը վտարելու, ազգային որոշումներու կայացման ազատութիւնը վերականգնելու, սահմանադրութեան տակ բոլոր լիբանանցիներու պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու հաւասարութեան հիման վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտեց լիբանանցիներու շարքերը միաւորելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանի բոլոր բռնագրաւուած տարածքները Իսրայէլի բռնագրաւումի լուծէն ազատելու, ինչպէս նաեւ աւերուածը վերաշինելու եւ վերականգնելու համար` պահպանելով Լիբանանի բոլոր իրաւունքները», ընդգծեց նախկին վարչապետը:

 

Leave a Comment