Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի շեշտեց. «Այսօր մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ Լիբանանի իշխանութիւնը, որ կռնակ դարձուցած է հարաւային Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին, կարծէք իսրայէլեան յարձակում չ՛ըլլար, եւ նոյն իշխանութիւնն է, որ ըսած է, թէ բանակցութիւններու պիտի չերթայ, բացառութեամբ լիբանանեան բոլոր հողերը ազատագրելու եւ անոնց դէմ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար, եւ որ իր ամերիկացի ընկերները այդ հարցին մէջ իրեն պիտի օգնեն»:
«Երեւան եկաւ, թէ այս իշխանութեան մղած մեծագոյն պայքարը դժբախտաբար իր երկրի ժողովուրդէն հայրենասէրներու եւ ազատներու դէմ է», ըսաւ երեսփոխանը` հարց տալով, որ ինչո՞ւ իրանեան օդանաւերու կ՛արգիլուի էջք կատարել Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, եւ ինչո՞ւ Իրաքէն վերադարձողները խիստ խուզարկութեան ու վերաբերմունքի կ՛ենթարկուին:
Ան Լիբանանի իշխանութեան կոչ ուղղեց` «վերատեսութեան ենթարկելու իրեն հաշիւները եւ յիշելու, թէ ի՛նչ ըսած է եւ ի՛նչ պարտաւորութիւն ստանձնած, եւ հրաժարելու այս բոլոր չարամիտ գործողութիւններէն, խարդաւանքներէն եւ սադրանքներէն, որովհետեւ ասիկա բան մըն է, որ չի կրնար եւ պէտք չէ շարունակուի»: