Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց. «Հըզպալլան գիշերուան ընթացքին Ալի Թահեր բարձունքներու շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերուն ուղղութեամբ երկու անօդաչու թռչող սարքեր արձակեց: Մարտիկները երկու անօդաչուներէն մէկուն ուղղութեամբ կրակ բանալով վնասազերծեցին, եւ մեր ուժերուն շարքերուն մէջ վիրաւորներ չկան»:
«Հակադարձելով այս արարքին, իսրայէլեան բանակը յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ շրջանին մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցին վրայ: Թիրախաւորուած ենթակառոյցը խմբաւորման անդամներուն կողմէ կ՛օգտագործուէր ապահովական շրջանին մէջ իսրայէլեան բանակի ուժերն ու Իսրայէլի պետութեան քաղաքացիները թիրախաւորող ծրագիրներ կազմակերպելու եւ ղեկավարելու համար: Այդ հարուածները գործուեցան անմիջական սպառնալիք մը վերացնելու համար», պնդեց բանակը:
Իսրայէլեան բանակը օդային յարձակումներ գործեց Ալի Թահեր շրջանին եւ Քֆարրման ու Արապսալիմ գիւղերուն վրայ: