Հաւատամութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց. «Ամերիկային յոյս կապելը սխալ, անհիմն ու անիմաստ է»:
«Մենք ամօթ չենք նկատեր եւ չենք ամչնար, այլ կը հպարտանանք, որ Իրանի դաշնակիցներն ենք, մինչդեռ Ամերիկայի դաշնակիցները պէտք է ամօթ զգան, որովհետեւ անիկա ահաբեկչութեան հովանաւոր է, չարիքի աղբիւր, Իսրայէլի դաշնակիցն ու զինուորն է, անոր պատմութիւնն ու դիրքորոշումը կ՛որդեգրէ եւ անոր վրայ ճնշում չի գործադրեր` իր հովանաւորած չարագուշակ շրջագծային համաձայնագիրի նոյնիսկ մէկ տառը գործադրելու համար:
«Հետեւաբար, Ամերիկային յոյս կապելը սխալ, անհիմն ու անիմաստ է», ընդգծեց ան: