Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Թուրքիա-Ռուսիա Յարաբերութիւնները Այսօր Շատ Աւելի Բարձր Մակարդակի Վրայ Են, Քան Որեւէ Այլ Ժամանակաշրջանին»

Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:

Էրտողան հանդիպումի ընթացքին նշած է, որ մեծ նշանակութիւն կու տայ այս բանակցութիւններուն, եւ որ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները այսօր շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ են, քան անցեալի որեւէ այլ ժամանակաշրջանին:

Փութին իր կարգին յայտնած է, որ Թուրքիան Ռուսիոյ արտօնեալ գործընկերներէն մէկն է արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ, եւ որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան մակարդակը կը մնայ բարձր:

Leave a Comment