Քրեմլին Փութին-Թրամփ-Ճինփինկ Եռակողմ Վեհաժողովի Մը Գումարումը Հաւանական Կը Նկատէ

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, անոր ամերիկացի եւ չին պաշտօնակիցներ Տանըլտ Թրամփն ու Շի Ճինփինկը կրնան Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան` ԷՅՓԱՔ-ի նոյեմբերին նախատեսուած վեհաժողովի ընթացքին եռակողմ ժողով մը գումարել:

Ուշաքով Պիշքեքի մէջ այդպիսի ժողովի մը գումարման կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «Այո՛, այս հարցը քննարկուեցաւ, եւ կը նախատեսուի, որ երեք ղեկավարները վեհաժողովին ներկայ գտնուին, եւ ինչպէս ըսուեցաւ, եթէ հարցը յստականայ, երեքը պիտի կարենան ժողով մը գումարել»:

ԷՅՓԱՔ-ի ժողովը պիտի գումարուի 18-19 նոյեմբերին, Չինաստանի Շինթշին քաղաքին մէջ:

Սպիտակ տան բանբեր Անա Քելի յայտնեց. «Ներկայիս նախագահ Թրամփի ԷՅՓԱՔ-ի վեհաժողովին մասնակցութեան վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն չունինք»:

Leave a Comment