Իրան յայտարարեց, թէ իր հողերուն մէջ բազմաթիւ դիրքերու վրայ ամերիկեան յարձակումին հակադարձելով հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է, հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած էր, թէ իրանեան որեւէ հակադարձութիւն «աւելի ուժեղ եւ աւելի բարձր մակարդակով» յարձակումի պիտի արժանանայ:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարած էր, թէ հարուածներ շղթայազերծած է, հակադարձելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու վրայ յարձակումներու եւ յարձակումներու փորձերու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերու թիրախաւորման փորձերուն:
Իրանեան բանակը յայտարարեց, թէ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծած է Պահրէյնի մէջ «Շէյխ Իսա» ռազմակայանին մէջ ամերիկեան կառոյցները եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Զաֆրա եւ Մանհատ ռազմակայաններուն մէջ ռատարներու համակարգերն ու ամերիկեան ուժերու կեդրոնացման վայրերը:
Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Քուէյթի մէջ Ալի Սալեմ ռազմակայանը, ուր «թշնամիի շարք մը զինուորներ սպաննուեցան»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ չէ հետաքրքրուած Իրանի հետ անարժէք համաձայնութիւն մը կնքելով` աւելցնելով, որ կը նախընտրէ ներկայ կացութիւնը, որ հիմնուած է Հորմուզի նեղուցին վրայ վերահսկողութեան հաստատման եւ իրանեան տնտեսութեան քայքայման վրայ:
Ան շեշտեց, որ չի փորձեր Թեհրանը բանակցութեան սեղան նստելու ստիպել:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթ յայտնեց. «Պիտի շարունակենք իրանեան վարչակարգը տնտեսական գետնի վրայ խեղդել` պատժամիջոցներու հետեւանքով անոր պատասխանատուներուն եւ զինուորներու վրայ ճնշումներու աճով:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Փաքիստան տակաւին եղբայրական պետութիւններու հետ ներգրաւուած է Միացեալ Նահանգներ-Իրան տարակարծութեան լուծում գտնելու ջանքերուն մէջ` նշելով, որ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ վերջերս Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ, իսկ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաք Տար հանդիպում ունեցած է իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի հետ եւ անոր հետ քննարկած Մեքքայի համաձայնագիրի ծիրին տիրող կացութիւնը:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ փաքիստանեան բանակի հրամանատարի անցեալ շաբաթ Իրան կատարած այցելութիւնը մագլցումը մեղմացնելու, կացութեան հանդարտեցումն ու Հորմուզի նեղուցը վերաբանելու Իսլամապատի ջանքերուն ծիրին մէջ էր` նշելով, որ այցելութեան ընթացքին մեկնարկը տրուած է նախաձեռնութեան մը, որ հետագային զարգանալով յանգած է Օմանի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարներու Իրան այցելութեան:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ հակառակ վերջին մագլցումին` Փաքիստան տակաւին կը յուսայ լուծումի ձեռքբերման համար երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան որդեգրումը յորդորել: