Աուն. Բանակցութիւններուն Գլխաւոր Նպատակները Լիբանանը Պատերազմի Աղէտէն Զերծ Պահելը Եւ Անոր Գերիշխանութիւնն Ու Կայունութիւնը Պաշտպանելն Են»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ «Պեքայի պատկանելիութեան եւ բարգաւաճման հանդիպում»-էն պատուիրակութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք բարգաւաճման ոլորտի մէջ Պեքայի կարիքներուն ու կարեւորութեան համազօր պետութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու, հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով բարգաւաճման ծրագիրներու նկատմամբ, որոնց ամէնէն նշանակալիցները Արաբական մայրուղին, Լիբանանեան համալսարանի համալիրն ու Լիթանի գետի եւ անոր հունին հոգատարութիւնն են»:

«Բանակցութիւններուն գլխաւոր նպատակները ճշդուած են. անոնք Լիբանանը պատերազմի աղէտէն զերծ պահելը եւ անոր գերիշխանութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային շահերը պաշտպանելն են: Ես դրական տրամադրուած եմ իւրաքանչիւր ընտրանքի եւ ուղիի նկատմամբ, որ կրնայ նպաստել այս նպատակներու իրագործման, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պաշտպանելն է», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմակայումը միայն մեր ազգային միասնականութեան եւ մեր ներքին միախմբումով կ՛ըլլայ: Այս առումով, բարձր կը գնահատեմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի անհետացման յիշատակին առիթով արտասանած խօսքը, մասնաւորաբար քաղաքացիական խաղաղութեան հիմնական սկզբունքներուն եւ բանակին ու Թաէֆի համաձայնագիրին կառչիլը եւ զանոնք կարմիր գիծեր նկատելը, եւ ասիկա դուրսին ուղղուելէ առաջ ներսին ուղղուած ուղերձ է», ըսաւ Աուն:

«Լիբանանի առջեւ բազմաթիւ առիթներ կան. կարեւորը նեղ հաշիւներու պատճառով չկորսնցնենք, այլ անցեալէն սորվինք եւ դասեր քաղենք` աւելի լաւ ապագայ կառուցելու համար», եզրափակեց հանրապետութեան նախագահը:

 

 

Leave a Comment