Պայրագտարեան Ընդունեց Ապի Ռամիան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց խորհրդարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիան, եւ անոր հետ քննարկեց շարք մը նիւթեր, մասնաւորաբար կազմակերպումը նախարարաց խորհուրդին կողմէ որդեգրուած Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան շաբթուան, որ տեղի պիտի ունենայ 15-էն 21 սեպտեմբերին, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան վերաբերեալ օրինագիծերու առնչուած հարցեր:

Անոնք նաեւ ընդգծեցին Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան զարգացման ու յառաջ մղման համար գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Պայրագտարեան նաեւ ընդունեց «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Հապիպ Կապրիէլն ու գործադիր պատասխանատու Սիմոն Տարղամը:

Նախարարը զանոնք դրաւ մարմնակրթութեան զարգացման ու արդիականացման համար իր աշխատանքներուն մթնոլորտին մէջ: Զրոյցի ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ 15 սեպտեմբերէն 21 սեպտեմբեր նախատեսուած Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան շաբթուան կազմակերպման աշխատանքին:

 

Leave a Comment