Պաապտայի Մէջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Կը Շեշտէ Համերաշխութեան Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ յայտնեց. «Լիբանանահայերը հայրենիքի կառուցման մէջ դրական դերակատարութիւն ունեցան, եւ լիբանանեան հասարակութեան մէջ անոնց ներգրաւուածութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ հիմնական աջակցութիւն ապահովեց»:

«Այս պետութիւնը կը պաշտպանէ բոլորը. լիբանանցիները յոգնած են զուգահեռ պետական կառոյցներէն եւ հաստատութիւններէն: Մեր կատարած ընտրանքները կը բխին շահերէն լիբանանցի ժողովուրդին, որ յոգնած է պատերազմէն, եւ ուժեղ եւ կարող պետութեան ստեղծումէն բացի այլ յոյս չունի», շեշտեց նախագահը:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը հանդիպումէն ետք շեշտեց «լիբանանեան ընտանիքին դիմագրաւած այս դժուար ժամանակներուն մէջ համերաշխութեան ու մէկզմէկու թիկունք կանգնելու կարեւորութիւնը»:

«Լիբանանը մեր հայրենիքը, տունն ու ընտանիքն է, եւ կը մաղթենք, որ բարիք, խաղաղութիւն ու համակեցութիւն վայելէ», աւելցուց հոգեւոր տէրը:

 

Leave a Comment