ՏՈՔԹ. ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
Միշտ լսած ենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, զանազան պատերազմներու ընթացքին, պատանիներ եւս մասնակցած են` իբրեւ զինուոր, բեռնակիր, լրտես կամ երբեմն խոհարարութեամբ զբաղած են բանակներու մէջ…
Շատ հաւանական է, որ Ափրիկէն առաջին կարգի երկիրներէն է, ուր պատանիները օգտագործուած են ներքին պատերազմներու ընթացքին, ուր իբրեւ անօթի եւ աղքատ երկիրներ` իրենց պատերազմական կացութեան մէջ գտնուած շրջանին օգտագործած եւ շահագործած են այդ մանուկները, հաւաքելով զանոնք գիւղերէն եւ զանազան շրջաններէ, խոստանալով անոնց ընտանիքներուն վարձատրութիւն` նիւթական կամ ուտելիք հայթայթելով:
Այս ընտանիքներուն հետ այդ համաձայնութիւնը շատ անգամ եղած է ազնուութեամբ եւ համոզումով, իսկ շատ անգամ` բռնի ու բիրտ միջոցներով: Անշուշտ խոստումները շատ էին, մանաւանդ որ տգէտ եւ անօթի ժողովուրդի մը փայլուն ապագայ կը ներկայացնէին: Անօթի, առանց ուսումի եւ որեւէ արհեստի` այս 14-17 տարեկան մանուկ-պատանիները կը սորվէին զէնք գործածել, որուն համար «գողութեան բաժին» կը խոստանային իրենց:
Ընդհանրապէս այս երեխաները երկրի մը բուն բանակին չէին պատկաներ, որովհետեւ 18 տարիքը ամբողջացուցած չէին ըլլար, այլ կը պատկանէին հակառակորդ պետութեան խումբին կամ կուսակցութեան:
Շատ անգամ ցեղային պատճառներ գոյութիւն ունին, ինչպէս էր վիճակը շատ մը պատանիներու Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ, կար նաեւ կրօնական եւ գաղափարախօսական ազդեցութեան հանգամանքը:
Կռուողները միշտ ջանացած են օգտագործել աղքատները, տգէտներն ու անուս մարդիկ: Այս ձեւով շատ մը երիտասարդներ, որոնց ձեռքը զէնք անցած է, իրենք զիրենք կարեւոր զգացած են, այդ զէնքին միջոցով իրենց կարողութիւնը ուզած են փաստել եւ հոն տեսած են իրենց յաջող ու փայլուն ապագան, նաեւ` իրենց ընտանիքներուն ապրուստի ճամբան:
Որոշ է, որ այս պատանիները օգտագործուեցան զանազան տեսակներով եւ տարբեր սուտ կամ իրաւ խոստումներով, բայց զոհ գացին իրենց պատասխանատու քաղաքագէտներուն կամ իրենց քաղաքապետներուն, որոնք միայն կը հետապնդէին իրենց շահերը, եւ իրենց համար ոչ մէկ տարբերութիւն կ’ընէր այդ պատանի-երիտասարդին վիճակը կամ ճակատագիրը:
Ցաւալի իրականութիւն մըն է ասիկա, սակայն դժբախտաբար մարդկային պատմութեան մաս կը կազմէ դարերէ ի վեր, եւ ամէնէն ցաւալին այն է, որ մինչեւ այսօր այդ վիճակը կը շարունակուի աշխարհի աչքերուն առջեւ:
Ո՛չ մարդկային իրաւունքներ հետապնդող կառոյցներու, ո՛չ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, ո՛չ ալ ուրիշ զանազան օրէնքներ ու որոշումներ յարգուած են: Աշխարհը նոյն ձեւով կը շարունակուի:
Երբ պատանի զինուորի մասին կը խօսինք, մեր խօսքը միայն տղոց մասին չէ, կան նոյնիսկ աղջիկ զինուորներ, որոնք կը զբաղէին ճաշի կամ լուացքի գործերով, եւ որոնք շատ անգամ բռնի մարմնային յարաբերութիւններու եւ բռնաբարումի ենթարկուած են:
Այս բոլորը աշխարհը գիտէ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը վկայ է, մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնները իրազեկ են, բայց հարցը այն է, թէ միջոց ունի՞ իրաւունքներ պահանջելու, ի՞նչ ուժ ունին իրենք զիրենք պարտադրելու:
Օրէնքները շատ են, հաշիւները` կորսուած. հազարաւոր համաձայնութիւններ եւ որոշումներ կնքուած են, բայց բոլորը մելան մնացած են թուղթի վրայ, գործադրելը անկարելի է, ոչ մէկ երկիր կը գործադրէ միջազգային օրէնքները, իւրաքանչիւր երկիր իր պայմանները, իր անձնական շահերը հետապնդելով, եթէ պէտք ըլլայ, աչք կը խփէ:
Այս պատանի զինուորները օգտագործեցին բազմաթիւ երկիրներ.
1.- Ափրիկէ – Լիպերիա, Սուտան, Հարաւային Ափրիկէ, Նիկերիա, Անկոլա, Քոնկօ, Չատ, Էրիթրիա եւ այլն:
2.- Ասիա – Լաոս, Քամպոտիա, Վիեթնամ, Պիրմանիա, Ինտոնեզիա, Աֆղանիստան եւ այլն:
3.- Միջին Արեւելք – Եմէն, Պաղեստին, Իրաք, Իրան եւ այլն:
4.- Լատին Ամերիկա – Փերու, Արժանթին, Քոլոմպիա, Նիքարակուա, Չիլի եւ այլն:
Չմոռնանք, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին Ռուսիա եւ Գերմանիա նոյն փորձառութիւնը ունեցան, բայց` ուրիշ ձեւով եւ տարբեր իմաստով: Հիթլերին վերջին շրջանին, գերմանացի տղաք` 14-16 տարեկան, Պերլին մայրաքաղաքը պաշտպանեցին: Ռուսերը Պերլինը գրաւելու համար նկատի առած էին 25.000-30.000 զոհ, որովհետեւ այդ մայրաքաղաքին պաշտպանութիւնը յանձնուած էր «Հիթլերի երիտասարդաց» (Hitler Youth) կոչուած պատանիներուն, որոնց ամերիկացիները հեգնական քմծիծաղով «Սկաուտ տղաք» կը կոչէին: Այս հիթլերական երիտասարդ կազմը մարզուած եւ գաղափարական պատրաստուածութիւն ունէր, ուստի, առանց վտանգը նկատի առնելու, մարդամեքենայի նման կուրօրէն հրամաններու կ՛ենթարկուէր եւ ռուսական թնդանօթներուն վրայ ռումբ կը նետէր:
Կարգապահութիւնը իրենց հիմնական կեցուածքն էր, յստակ չէր, թէ որքա՛ն էին թիւով, ինչ որ յստակ է, Պերլինի վերջին օրերուն Հիթլերի ապաստարանին շուրջ եղած հսկայ թաղամասերը քայլ առ քայլ պաշտպանեցին եւ հերոսական ձեւով դիմադրեցին:
Շատ մեծ անակնկալ էր հրամանատար Ժուքովին համար, որ ռուսական բանակին հրամանատարն էր Պերլինի յարձակումի ատեն, երբ իրեն յայտնեցին, թէ այդ «սկաուտ տղաք» կոչուած պատանիները հերոսական ձեւով դիմադրած էին, եւ ռուսերը վերջապէս գրաւած էին Պերլին մայրաքաղաքը, մօտ 80.000 ռուս զինուորներ մահացած էին, եւ 300.000` վիրաւորուած:
Անշուշտ Գերմանիոյ այդ երիտասարդ զինուորները չենք կրնար Ափրիկէի, Ասիոյ, Լատին Ամերիկայի երիտասարդ զինուորներուն հետ բաղդատել, որովհետեւ մտայնութիւնները եւ նպատակները տարբեր էին. մէկը կարգապահութիւնը եւ գաղափարաբանութիւնը կը պաշտպանէր, իսկ միւս պատանիները իրենց ղեկավարներուն հրամանով կը հետապնդէին անորոշ նպատակներ, որոնց հիմնականն էր սպաննել դիմացինը, կողոպտել եւ վրէժ լուծել, նոյնիսկ շատ անգամ իրենց հարազատները սպաննելով, ինչպէս պատահեցաւ Քամպոտիոյ մէջ:
Այս նիւթը ցաւալի է, կը խօսինք 12-17 տարեկան երիտասարդ սերունդի մը մասին, որ ո՛չ զգացում, ո՛չ գիտութիւն, ո՛չ արհեստ, ո՛չ ուսում, ո՛չ սէր ունեցած է…
Պէտք է յիշենք նաեւ, թէ ուրիշ ձեւի տակ ալ տարբեր իրողութիւններ պատահած են. օրինակ, 80-ական թուականներուն, Իրաք-Իրան պատերազմին, կրօնական համոզումով, հազարաւոր երիտասարդ իրանցիներ, իրենց վիզերէն «արքայութեան բանալին» կախուած, ղրկուեցան Իրաքի եւ Իրանի միջեւ սահման եղող այն հսկայ դաշտերը, ուր հազարաւոր ականներ ցանուած էին, որպէսզի պայթեցնեն, եւ բանակը կարենայ անոնց ետեւէն հանգիստ ձեւով յառաջանալ:
Այս երեխաները կրօնական համոզումով քալեցին այդ պահուած ականներուն վրայէն, մեռնողը մեռաւ, շա՜տ շատեր, որոնք ողջ մնացին, կորսնցուցին ձեռքը կամ ոտքը եւ իրենց երիտասարդութիւնը ապրեցան անդամալոյծի աթոռի մը վրայ: Չմոռնանք ըսելու նաեւ, թէ այս պատանիներուն ընտանիքները նոյնիսկ հպարտ էին, որ իրենց զաւակները հերոսաբար մահացան եւ դրախտը կը վայելեն:
Իւրաքանչիւր երկիր իր ձեւով, գաղափարական կամ կրօնական համոզումով, դրամական խոստումներով կամ անօթութեան իբրեւ հետեւանք` զոհեց իր զաւակները:
Այս բոլորը աշխարհը գիտէ, կը տեսնէ, կը դիտէ, վկայ է… Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, ոչ կառավարական հաստատութիւններ եւ այլ կառոյցներ կը բողոքեն, յայտարարութիւններ կը հրապարակեն, բայց ոչինչ կրցած են ընել, այնքան ատեն որ պատասխանատու անձերը օտար ուժեղ երկիրներու ենթակայ էին, իսկ եւ ամենավատ կացութեան` կը փախչին այդ երկիրները, որոնց համար աշխատած են:
Այս ձեւով աշխարհը կը դառնայ, կը գոյատեւէ, եւ մենք կը դիտենք, դարերէ ի վեր կացութիւնը նոյնն է, ձեւը կը փոխուի, պատճառները կը փոխուին, ծայրայեղութիւնը իր ճամբան կը գտնէ, մեռնողը կը մեռնի, մենք ալ, դիտելէ ետք, եղածին մասին տեղեկութիւն կու տանք: Ոչ մէկ երկիր օրէնքներու կը հետեւի, որովհետեւ իր շահերը կը գերադասէ ամէն ինչէ. արդարեւ, ոսկին, արծաթը, ադամանդը, քարիւղը… աւելի կարեւոր են, քան` այդ պատանիներուն կեանքը:
Վարագոյրը գոց պահենք, ետին պատահածը մեզի չի վերաբերիր, մենք միայն պատահածին մասին կրնանք գրել, անկէ աւելի ոչինչ կայ մեր ձեռքը: Աշխարհը այսպէս է եւ այսպէս ալ կը շարունակուի…
Յ. Գ.- «Երեխայ մարտիկներ միջազգային կազմակերպութիւն»-ը (Child Soldiers International) հաստատութիւն մըն է, որ կը ջանայ կասեցնել եւ դադրեցնել այս պատանիներու օգտագործումը. հիմնուած է 1998 թուականին, աջակցութեամբ` Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան, Մարդկային իրաւանց – ներումի հետեւող միջազգային (Human Rights Watch Amnesty International) եւ «Խնայել երեխաները» (Save the children) կազմակերպութիւններուն: Նպատակն է արգիլել պատանիները իբրեւ զինուոր օգտագործել` 18 տարեկանէն առաջ:
Շատ տեղեկութիւն չունինք, թէ որքանո՛վ յաջողած է այս հսկայ կազմակերպութիւնը, հաւանական է, որ թուղթի վրայ բաւական ճիգ տարած եւ յաջողած է, բայց գետնի վրայ վստահաբար իրականութիւնը այլ է: