Հեշտ ենք կորցրում, դժուար ենք
ետ բերում տանուլ տուածը:
ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Ո՛չ, մտածումի առաջնորդողը` հայրենի աշխարհ Արցախի բարձրաբերձ ու հրաշալի գեղեցկութիւն ունեցող լեռներու միջեւ խտրութիւն դնելը չէ, ոչ ալ անոնց անտեսումը, այլ եղբայրակցութեան մասին է խօսքը, զիրար արժեւորելու եւ իրարմով ապրելու:
Աւելի՛ն. որքան շեշտադրենք Մռաւի լեռներու մեծութիւնը, նոյնքան ընդգծած կ՛ըլլանք վեհութիւնը Շուշիի, Քարվաճառի թէ Բերձորի լեռներուն, որոնք երեսուն տարի շարունակ հանդիսացան այն բնական ու հիանալի պարիսպները, որոնցմով հանգիստ ու անվտանգ զգաց արցախահայութիւնը, նոյնիսկ ամէնէն թէժ պահերուն:
Կրնայ ըսուիլ, որ կարօտախառն խօսքերն ու յուզումնալից յիշատակները ի՛նչ պիտի կարենան ընել այսօր, երբ հազարամեայ հողը հայաթափուած է, օդն ու ջուրը` կեղեքուած, բնութիւնը` ասպատակուած, իսկ ամէնէն զազրելին` ազերի հորդաներ պղծած են հայոց աշխարհը, տիւ եւ գիշեր կը փորձեն այլանդակել սուրբ հողին վրայ կառուցուած քարեղէն կառոյցներն անգամ:
Արցախի կորուստէն (2023) քանի մը տարի ետք իսկ, կը թուի, թէ պատմական այս հայրենիքը արդէն դարձած է յուշ ու յիշատակ, որովհետեւ անոր մասին խօսիլն անգամ յանցանքի համազօր ազդեցութիւն ունի հայրենի իշխանութեան թէ ազերի վոհմակներու համար:
Իրօք, հայութիւնը` ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, նման տուայտանքներու յանձնուած է, նախ Արցախի կորուստին ծանրութիւնը ապրելով, ապա` հայ կեանքին մէջ ահաւոր պառակտումին ի տես:
Պառակտեալ վիճակ ոչ միայն քաղաքական հոսանքներու միջեւ, պետական այրերու կեցուածքներուն թէ մօտեցումներուն ի հակադրութիւն, այլ հասարակական կեանքի տարբեր շերտերու մէջ, երբ ազգային պատկանելիութեան խորհուրդն անգամ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, ծիծաղաշարժ ըլլալու աստիճան:
Արդ, առանձնապէս հոգելլկիչ կը թուի ըլլալ այն, որ պատեհ առիթներու երբ գրիչ կը շարժես ազգային պարունակ թէ պետական մտածողութիւն ունեցող նիւթերու շուրջ, աւելի՛ն. երբ կը փորձես քաղաքական-գաղափարական հայեացքներ լոյսին բերել ու զանոնք յանձնել այս կամ այն շրջանակի, տխրութեան շղարշը կը պատէ հոգիդ, որովհետեւ ընթերցողներ (թէեւ շատ քիչ) կա՛մ դրական լիցքով կ՛ըմբռնեն որեւէ գրութիւն, որ կը վերաբերի հայրենիքին թէ պետութեան ապագային, հայութեան անմիջական ներկային, կա՛մ ալ` յարձակողապաշտի հանդերձանքով կը փորձեն աղաւաղել պատմական ճշմարտութիւններն անգամ, պարզապէս յագուրդ տալու լոկ անհատական նախասիրութիւններու:
Հոս, մեկնելով ժողովրդավար ու ազատ կարծիք արտայայտելու նշանակելի ու արդար իրաւունքէն, իրարհասկացողութեան եւ փոխադարձ ընկալումի շեշտադրումն է, որ պէտք է ինքզինք պարտադրէ, որպէսզի անհատական մտորումները, կեցուածքներն ու, ինչու չէ, նաեւ վերլուծութիւնները ի զուր արձանագրուած չըլլան:
Փաստօրէն, համաշխարհային կարգ ու սարք է, յատկապէս մամուլի, հեռատեսիլի, ընկերային ցանցերու թէ լրատուական տարբեր հարթակներու առօրեային մէջ, տեսնել, ապրիլ եւ ունկնդրել հակասական թէ հակադիր մտքերու հանդէսներ, որոնք կլանած են այս կամ այն երկրի բազմաոլորտ կեանքը, ուր անբարոյ, պիղծ թէ ստապատիր խօսքեր անգամ կը լսուին, կը գրուին, անձնական տեսակէտի թէ ազատականութեան խորհուրդի ներքեւ:
Աւելի քան երեսունամեայ իր կենսափորձով` վերանկախ Հայաստանի պետական մտածողութիւնն ու հասարակական ապրելակերպը այնպիսի ցնցումներու (քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու զինուորական) ենթակայ դարձաւ, որ ուղղակի ժխտական ու քայքայիչ ազդուութիւն ունեցաւ հայ մտքի ու կենսակերպի բարելաւման վրայ:
Խօսքը չի վերաբերիր լոկ իրերայաջորդ իշխանութիւններու գործընթացներուն, այլ նաեւ` մտաւորական ունակութիւն եւ իմացական բարձր կարողութիւն ունեցողներու, որոնց արտայայտած մտքերուն մէջ յստակօրէն տեսանելի են արտասովոր ու այլանդակ ասոյթներ թէ խեղճացած խոհեր:
Արդ, եթէ երբեք Արցախի ազատագրութեամբ կերտուեցաւ նոր հայու դիմագիծը, որ յաղթեց թուրքին ու թաթար ազերիին, եւ պարտադրեց իր ազգային կամքը` աշխարհով մէկ:
Իսկ Արցախի կորուստով ու հայաթափումով` կը փորձուի կառուցել «իրական» Հայաստանը, որ զիջումներու ահաւոր սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ:
Ապա, ըստ երեւոյթին, պէտք է մտածել, թէ ինչպիսի՞ ճակատամարտ(եր) պէտք է մղել, ճգնաժամի այս օրերուն, զանազան ոլորտներու ու մակարդակներու վրայ, պարզապէս ուշքի բերելու ընդարմացած հայու տեսակը ու կերտելու իրական հայու կերպարը:
Իրական հայու կերպար, որով ազգը պիտի կարենայ միաւորուիլ եւ ուժեղանալ:
Ահաւասի՛կ, հարցադրումներու շարք մը «նորընծայ» սերունդներուն, որոնց պարտքն է մոռացութեան չտալ թափուած արիւնն ու քրտինքը, ծնրադիր խոնարհիլ Եռաբլուրի տղոց շիրիմներուն առջեւ, հոգեզինուիլ, պայծառանալ, պատրաստուիլ հետագայ գոյամարտերու` զերծ մնալով ատելութենէ, անհանդուրժողութենէ եւ լկտի հոսանքներու ազդեցութենէ:
Եթէ երբեք կարգ մը հայորդիներու համար հայրենի լեռներու եղբայրակցութեամբ շնչելն ու ոգեւորուիլը զգացականութիւն է, ժամանակի կորուստ եւ մտքի խեղճութիւն, ապա, շատ շատերու համար հայրենի հողը ինքնութեան, տեսակի ու արմատի խորհուրդն է:
Ու, յայտնապէս, այս սրբազան խորհուրդով կ՛ուժեղանան ազգեր, կ՛արմատանան պետութիւններ, կը դաստիարակուին սերունդներ, կ՛իմաստաւորուին նուաճումներ, կը կռանուին հաւաքական կամքեր, կը չքանան փոքրոգութիւններ, կ՛արդիականանան ազգային արժէքներ, կը ծնին հանճարներ, հերոսներ ու ազգասէր պետական այրեր:
Որպէսզի հայրենի հող Արցախը յուշ ու յիշատակ չդառնայ, իսկ օր մըն ալ անոր այցելութիւն տալը` զբօսաշրջութիւն, տեսակ մը մխիթարանք, ուրեմն հայ պետական միտքը պարտաւոր է սպառազինել ինքզինք ազգային գաղափարախօսութեամբ:
Այսօր, հզօր պետութիւններն անգամ կ՛առաջնորդուին սեփական արժէքներու շունչով եւ ազգային տեսլականով, հակառակ իրենց բարբարոսի վարուելակերպին, տեսակին:
Հայ քաղաքական միտքը պէտք է շուտափոյթ թօթափէ յանձնուողականութիւնը ու լծուի համազգային աշխատանքներու եւ գործընթացներու որդեգրումին, պահելու համար սեփական ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը:
Սփիւռքահայութիւնը դասեր, յորդորներ կամ թելադրանքներ տալու պարտադրանքին տակ պէտք չէ գտնուի: Այնքան ատեն որ հայ պետական կարգն ու սարքը լիարժէք կը գործէ ու միասնականութեան ջատագով է, ազգային պարունակը հանգիստ կը շնչէ` սպասելով հայ մտքի ու բազուկի ճառագայթումին:
