Ֆութսալ. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Եունիսփորթն Ու Արազ-Նախիջեւանը «Բաժնեց»

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ֆութսալի «Չեմփիընզ լիկ»-ի հիմնական փուլի կազմուածքը փոխեց, որպէսզի Եունիսփորթն ու Ազրպէյճանի Արազ-Նախիջեւան խումբերը իրար դէմ չմրցին:

Եունիսփորթ սկզբունքով մաս պիտի կազմէր Ե. խմբակին, որ արդէն իսկ կ՛ընդգրկէր Ազրպէյճանի ախոյեանը, բայց որովհետեւ անկախ երկիրներ դառնալէ ի վեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն միշտ ալ իրարմէ հեռու կը պահէր հողային (քաղաքական) հարցեր ունեցող երկիրները, որոնց կարգին` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, որոշուեցաւ Հայաստանի ախոյեանը ներառել Զ. խմբակին մէջ:

Այժմ Եունիսփորթ իրեն հետ պիտի ունենայ Յունաստանի ախոյեան Տուքասը, Լիթուանիոյ ախոյեան Քաունօ Ժալկերիսը եւ Լիւքսամպուրկի ախոյեան Տիֆերտանժ 03-ը:

Ե. խմբակին մաս պիտի կազմէ Հունգարիոյ ախոյեան Ուժփեշթը, որ նախապէս Զ. խմբակին մաս կը կազմէր:

Հիմնական փուլին 4 խմբակներու մէջ զետեղուած 4 ակումբներէն միայն մէկը կը հասնի յաջորդ փուլ:

Եունիսփորթի խմբակի մրցումները տեղի պիտի ունենան Լիւքսամպուրկի մէջ, 27 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր:

Այս մրցումներու աւարտին 4 խմբակներու առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի միանան Եւրոպայի լաւագոյն 12 ակումբներուն, եւ վիճակաձգութենէ ետք կը սկսին նաք-աութի մրցումները:

 

Leave a Comment