«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Բաժակակիր. Արարատ Արմենիայի Մրցումներու Ժամանակացոյցը Հրապարակուեցաւ

Վիճակաձգութիւնները կատարելէ ետք անցեալ շաբաթավերջին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.» հրապարակեց Եւրոպայի երեք բաժակներու մրցումներու ժամանակացոյցը:

Պատմութեան մէջ անկախ Հայաստանը ներկայացնող առաջին ակումբը, որ կը մասնակցի հիմնական մրցաշարքին` Արարատ Արմենիա, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 16 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալէ Սփարթա Փրական: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 19:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): 15 հոկտեմբերին Հայաստանի ախոյեանը պիտի ճամբորդէ Լեհաստան` մրցելու համար Եակելոնիայի դէմ, ժամը 22:00-ին: 22 հոկտեմբերին, ժամը 19:45-ին, Արարատ-Արմենիա պիտի հիւրընկալէ Նետերլանտներու Ա. Զ. Ալքմարը: 6 նոյեմբերին, այս անգամ դէպի Փորթուգալ պիտի ըլլայ Արարատ- Արմենիայի ճամբորդութիւնը` մրցելու Թորենսէի դէմ, ժամը 22:00-ին: Թորենսէ, որ Բ. դասակարգի խումբ է, անցեալ տարի մեծ անակնկալ մը գործած էր` շահելով Փորթուգալի բաժակը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Սփորթինկ Լիզպոնը:

26 նոյեմբերին Արարատ-Արմենիա օտար դաշտ մը եւս պիտի ուղղուի, այս անգամ` Աւստրիա, մրցելու Ռետ Պուլ Զալցպուրկի դէմ, ժամը 19:45-ին:

Երկու յաջորդական մրցումներ Երեւանի մէջ 10 դեկտեմբերին Նետերլանտներու Նեք ակումբին եւ 21 յունուար 2027-ին Սլովենիոյ Ցելիէ ակումբին դէմ (ժամը 19:45-ին):

29 յունուար 2027-ին տեղի կ՛ունենայ Արարատ – Արմենիայի կարեւորագոյն եւ ամէնէն դժուար մրցումը` Իտալիոյ Միլան քաղաքին մէջ, ուր ան պիտի ըլլայ հիւրը` Ա. Սէ. Միլանի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 22:00-ին:

Միւս կողմէ, Հենրիխ Մխիթարեանի ակումբը` Ինթեր Միլան, «Չեմփիընզ  լիկ»-ի տարեշրջանը պիտի սկսի մրցաշարքի ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած Ռէալ Մատրիտի դաշտին վրայ, մինչ Տիգրան Բարսեղեանի ակումբը` Սլովան Պրաթիսլաւա իր առաջին մրցումին պիտի մրցի վերջին 2 տարիներու տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենի դաշտին վրայ:

Հետաքրքրական պիտի ըլլայ Ինթեր Միլան – Սլովան Պրաթիսլաւա մրցումը, որ իրար դէմ պիտի հանէ Մխիթարեանն ու Բարսեղեանը, որոնք երկուքն ալ Հայաստանի հաւաքականի նախկին խմբապետներն էին: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 յունուար Պրաթիսլաւայի մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին շաբթուան մրցումներու յայտագիրը.

8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Ժամը 19:45-ին 
Ա.Է.Ք. Աթէնք – Լասք
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Ասթոն Վիլա

Ժամը 22:00-ին  
Պորուսիա Տորթմունտ – Վիարէալ
Փորթօ – Մանչեսթըր Սիթի
Լիլ – Ռէալ Պեթիս
Ռէալ Մատրիտ – Ինթեր Միլան

9 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Ժամը 19:45-ին
Պարսելոնա – Ֆէյենուրտ
Շթութկարթ – Վայքինկ

Ժամը 22:00-ին
Լիվըրփուլ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Սլովան Պրաթիսլաւա
Նափոլի – Արսենալ
Սփորթինկ Լիզպոն – Կալաթասարայ

10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Ժամը 19:45-ին
Ֆեներպահչէ – Ռոմա
ՓՍՎ Այնտհովըն –  Շախթիոր Տոնեթցք

Ժամը 22:00-ին
Քոմօ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Պայերն Միւնիխ – Պոտօ Կլիմթ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Սապահ
Սլավիա Փրակա – Լանսեան Տուքասը,

Leave a Comment