Ֆիտան. «Մեքքայի Պաշտպանութեան Համաձայնագիրի Հիմնական Կառուցուածքի Ձեւաւորումը Սկսաւ»

Երէկ Պոլսոյ մէջ գումարուեցաւ Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրէն բխած քաղաքական ու պաշտպանական յանձնախումբի ժողովը, որ անդրադարձաւ միջազգային ապահովութեան եւ ռազմարդիւնաբերութեան մէջ գործակցութեան խորացման հարցերուն, ինչպէս նաեւ քննարկեց յանձնախումբին ունեցած բանակցութիւնները եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերու ամրապնդումը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ժողովի աւարտին յայտնեց, որ Մեքքայի պաշտպանութեան համաձայնագիրի հիմնական կառուցուածքի ձեւաւորումը սկսած է` նշելով, որ համաձայնութիւնը ՕԹԱՆ-ի դաշինքին ամբողջացում կը նկատուի` միեւնոյն ժամանակ հերքելով, որ անիկա որոշ պետութեան մը դէմ ուղղուած է:

Ան ըսաւ, որ Մեքքայի համաձայնագիրը պատմական քայլ մըն է` նշելով, որ շրջանի պետութիւնները կարիքը ունին խաղաղութեան հաստատման համար միասին գործելու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ երեք անդամ պետութիւնները աշխատանք կը տանին այլ պետութիւններու Մեքքայի համաձայնագիրին միանալու ճամբու քարտէսի մը վրայ` աւելցնելով. «Համաձայնագիրը հաստատուեցաւ այլ պետութիւններու անոր միանալու կարելիութեան սկզբունքին վրայ»:

Ֆիտան, սակայն, շեշտեց, որ այլ պետութիւններու անդամակցութիւնը «կարելի է, սակայն մեր պայմաններով»:

«Մեքքայի պաշտպանական դաշինքին շնորհիւ շրջանին մէջ կայունութեան աճող ամրապնդում եւ անորոշութեան նահանջ պիտի տեսնենք», ըսաւ ան:

«Միջազգային համակարգը պէտք է դէմ կանգնի այն վտանգին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը ներկայացնէ», նշեց Ֆիտան:

 

Leave a Comment