Իրան – Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, թէ հրդեհ ծագած է քարիւղատար նաւու մը վրայ, որ Հորմուզի նեղուցին հարաւը «ապօրինի ուղիով» նաւարկելու ընթացքին երկու ականներու բախած է:

Պահակագունդը զգուշացուց, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ ապահովական դասաւորումները խախտող նաւերուն ճակատագիրը նշեալ քարիւղատարին նման պիտի ըլլայ, եւ նաւերու կողմէ նեղուցին մէջ նաւարկման համար իր ուժերու յայտարարած ցուցմունքներուն հետեւիլը «պարտադիր է»:

Իրանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ տասնեակ մը անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մընհատ ռազմակայանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուղղաթիռներու եւ ուժերու վրայ` աւելցնելով, որ յարձակումը Լարք կղզիին վրայ «թշնամիի յարձակումներուն» հակադարձութիւն է:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդն ալ յայտարարեց, թէ Յորդանանի մէջ «Մալեք Հուսէյն» եւ «Ազրաք» ռազմակայաններուն մէջ ամերիկեան հալածիչներու տեղակայման դիրքեր ու ենթակառոյցներ քանդած է` հակադարձելով Լարք կղզիին վրայ «ամերիկեան-սիոնական յարձակումին»:

Իրանեան հաղորդագրութեան համաձայն, Յեղափոխական պահակագունդը յարձակումին ընթացքին օգտագործած է անօդաչու թռչող սարքեր եւ հեռահաս հրթիռներ: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ օգտագործուած հեռահաս հրթիռները «Խայպար Շաքան», «Քատար» եւ «Իմատ» տիպի են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակը յարձակում գործած է Լարք կղզիի շարք մը շրջաններու վրայ` «խախտելով Իրանի ազգային գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»` աւելցնելով, որ իրանեան զինեալ ուժերը «զգետնիչ պաշտպանողական հարուածներ» հասցուցած են Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու, ուրկէ շղթայազերծուած է Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումը:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ իրանեան զինեալ ուժերը «խիստ եւ պատշաճ կերպով» պիտի հակադարձեն որեւէ զինուորական յարձակումի` Ուաշինկթընն ու «անոր մեղսակիցները» պատասխանատու նկատելով «ամերիկեան թշնամական քայլերու» եւ շրջափակումին ու տնտեսական պատերազմին շարունակման հետեւանքներուն համար:

Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ իր օդային պաշտպանութեան համակարգերը երկուշաբթի առաւօտեան վար առած են Հորմուզի նեղուցին վերեւ թռիչք կատարող ամերիկեան «Էմ. Քիու 9» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան ըսաւ, թէ շրջանին մէջ կայունութեան քայքայումն ու անկարգութիւնները պետութիւններէն ոչ մէկուն ի շահ է եւ բոլորը պիտի դնէ մարտահրաւէրներու դիմաց:

«Պատերազմի չենք ձգտիր, սակայն որեւէ յարձակումի դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնանք եւ յարձակում գործողներուն վճռական պատասխան պիտի տանք», նշեց ան:

Ամերիկեան աղբիւր մը «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրան Յորդանանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակում գործած է` հակադարձելով Լարք կղզիին մէջ իրանեան թիրախներու վրայ ամերիկեան բանակի յարձակումներուն` աւելցնելով, որ գրեթէ բոլոր իրանեան հրթիռները վնասազերծուած են:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի շրջանի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր ուժերը սահմանափակ ու ճշգրիտ քայլեր որդեգրած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ականներու զետեղման ուժերուն դէմ, որոնք Հորմուզի նեղուցին մէջ անմիջական վտանգ կը ներկայացնէին` մերժելով պահակագունդի այն պնդումը, թէ ամերիկեան ուժերու գործողութիւնը յարձակողական էր:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Յորդանանի մէջ ամերիկեան ուժերու վրայ հրթիռային յարձակումը «կ՛ապացուցէ, թէ Իրան իր նախկին ուժը չունի»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերու խորհրդական Անուար Քըրքաշ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներու եւ Յորդանանի թիրախաւորման քաղաքականութիւնը «իր ձախողութիւնը փաստեց»:

«Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւնը իրավիճակը չի կրնար տեւական լուծում մը ըլլալ… Այսօր պահանջուածը քաղաքական իրատեսական ու տեւական լուծումներ են, որոնք տագնապին քաղաքական եւ տնտեսական դրդապատճառները կը լուծեն եւ կը սկսին մագլցումը շրջանցելով ու Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի բնականոնացումով, հասնելով աւելի իրապաշտ մօտեցումի, որ աւելի անդին կ՛երթայ փոխըմբռնման յուշագիրէն, որ չյաջողեցաւ գործնական ու ընդունելի ճամբու քարտէս մը ուրուագծել», աւելցուց Քըրքաշ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանը ուժգին կերպով պիտի հարուածենք եւ պիտի հակադարձենք Յորդանանի մէջ ամերիկեան ուժերու վրայ կատարուած իրանեան յարձակումին»:

«Ամերիկեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը բոլոր հրթիռները վնասազերծեցին, բացի մէկ հրթիռէ, եւ ի յայտ եկաւ, թէ վերջինս որեւէ կարեւոր բան չէ հարուածած», ըսաւ ան:

«Իրանեան վարչակարգին վրայ ամերիկեան ներկայ պատժամիջոցները մեծապէս սկսան ազդել», նշեց Թրամփ:

Leave a Comment