Լիբանանեան թղթածրարին Անգարայի միջնորդութեան առանցքներու ուրուագծումներ կը կատարուին լրատուական հրապարակումներու ընդմէջէն: Անգարան առաջարկած է իր եւ Իրանի վերահսկողութեամբ Հըզպալլայի ծանր զէնքերը տեղափոխել Իրան: Այս փոխադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ամերիկեան եւ միջազգային երաշխիքներով: Ասոր դիմաց, Իսրայէլ պէտք է հեռացնէ իր ուժերը լիբանանեան բոլոր տարածքներէն: Հրապարակուած նիւթերուն համաձայն, լիբանանեան կողմը տատամսոտ կը վերաբերի այս առաջարկին, իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը դրական չեն վերաբերիր թրքական առաջարկին:
Հրապարակուած նիւթերը անշուշտ պէտք չէ իւրացնել ամբողջովին եւ հետեւցնել, որ այս առանցքային կէտին շուրջ են, որ կ՛ընթանան բանակցութիւնները: Այս հրապարակումներէն կարելի է հետեւցնել, որ Անգարան կը փորձէ շօշափելի լուծման ծրագիր ներկայացնել: Պաշտօնական Պէյրութի դիրքորոշումը այս պայմաններուն մէջ բաւարար չէ, որովհետեւ բուն համաձայնութիւնը տուողը այս պարագային Հըզպալլան պիտի ըլլայ անշուշտ մեծ համաձայնողը` Իրանը:
Ուաշինկթըն – Թել Աւիւ անհամաձայնութիւնը եւս բացարձակ պէտք չէ ընկալել: Ուաշինկթըն նոր մագլցումներ կ՛արձանագրէ իրանեան ճակատին վրայ, իսկ Իսրայէլ առաւելագոյն երաշխիքներ եւ առաւելներ պիտի ուզէ ձեռք ձգել այս բոլորէն փորձելով անժամկէտ յետաձգել լիբանանեան տարածքներէն հեռանալը: Չմոռնանք, որ Անգարայի եւ Իսրայէլի շահերը տարբեր կէտերու վրայ բախման պատկերներ կը պարզեն: Պարզ է, որ իրանեան ազդեցութիւնը թրքականով փոխարինելը բոլորովին չի բխիր Իսրայէլի շահերէն Եթէ այս կէտին շուրջ սկսին բանակցութիւններ, ապա Թրամփի յորդորը` Հըզպալլայի թղթածրարը Դամասկոսին յանձնելու, կը սկսի տեսանելի դառնալ: Հարցի լուծման բանալին Դամասկոսի յանձնելը ըստ էութեան կը նշանակէ Անգարային յանձնել: Թուրքիոյ նախագահի զաւկին եւ հետախուզութեան պետին այցելութիւնները կը սպասուին Պէյրութ: Այս օրակարգը կը թուի, որ հիմնական է, հակառակ ապակողմնորոշ տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու արծարծումին:
Այս տուեալները չեն համոզեր անշուշտ, որ Ուաշինկթըն բացարձակ ազդեցութիւն կը խոստանայ Անգարային: Խաղատախտակին վրայ կ՛երեւին տարբեր երկիրներ: Քաղաքական խաղը պէտք է ընթանայ տարբեր խաղցողներով, սակայն մէկ մրցավարով:
Իրադարձութիւններու խորապատկերին վրայ լուսարձակ կը բացուի հետեւեալ լրատուութեան վրայ. Յունաստան այսօր Թել Աւիւի մէջ կը ստորագրէ 3,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ պաշտպանական գործարք մը` Թուրքիայէն ու Իրանէն հաւանական սպառնալիքներու դիմակայման նպատակով համարկուած, բազմաշերտ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու համար: Իր հերթին Աթէնքը Լիբանանին կը տրամադրէ սպառազինութիւն, որուն նպատակը յարձակողական չէ: Տրամադրուողը զինամթերք եւ ուժեր ապահով փոխադրելու նպատակին կը ծառայէ: Այս ինքնին կ՛ենթադրէ, որ վաճառուող զինուժը ոչ թէ իսրայէլեան յարձակումները զսպելու համար է, այլ ապահով փոխադրութեան: Իսկ փոխադրութիւնը կ՛ենթադրէ այս պարագային լիբանանեան բանակի վերատեղակայման գործողութիւններ: Այն, ինչ որ ներառուած է ամերիկեան երաշխաւորութեամբ եւ միջնորդութեամբ կայացած համաձայնագիրին մէջ:
Այս գործարքը պարզ է, որ կը վայելէ ամերիկեան համաձայնութիւնը: Ուաշինկթըն յայտարարողական մակարդակով կ՛առաջադրէ Իսրայէլի ուժերու հեռացումը լիբանանեան տարածքներէն` պայմանաւորելով զայն Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափումով եւ ենթակառուցուածքներու կազմաքանդումով: Թուրքիոյ կու տայ միջնորդելու դերակատարութիւն` այս առաջադրանքներու իրականացման համար: Կը դառնայ Իսրայէլի կողմը եւ Յունաստանը կը մղէ գնելու իսրայէլեան սպառազինութիւն` իր կղզիները պաշտպանելու համար թրքական սպառնալիքէն:
Նաեւ իր համաձայնութեամբ կայացնելու Յունաստան-Լիբանան զինական ոլորտի մէջ համագործակցութիւն: Մրցավարը իր դերին մէջ է, եւ խաղցողները կը հետեւին անոր սուլիչի ցուցմունքներուն:
Դերակատար պետութիւններուն հետ Պէյրութը կը ստիպուի ունենալ յարաբերութիւններ եւ կայացնել համաձայնութիւններ: Այս հանգամանքները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ գնահատելու համար Լիբանանի նախագահին նախ Թուրքիա եւ հիմա Աթէնք կատարած այցելութիւնները:
«Ա.»