Ղարիպապատի. «Օմանի Հետ Գոյացուցինք Հորմուզի Նեղուցին Շուրջ Փոխըմբռնում Մը, Որ Սակայն Պիտի Չգործադրուի, Մինչեւ Որ Ամերիկան Իր Խոստումները Յարգէ»

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատի յայտարարեց. «Օմանի հետ գոյացուցինք Հորմուզի նեղուցին շուրջ փոխըմբռնում մը, որ սակայն պիտի չգործադրուի, մինչեւ որ Ամերիկան իր խոստումները յարգէ»:

«Եթէ Ամերիկան իր յանձն առածները չգործադրէ, մենք աճապարուած չենք Հորմուզի նեղուցը բանալու», նշեց ան:

«Քաթարն ու Փաքիստանը աշխատանք կը տանին փոխըմբռնման յուշագիրի կէտերու գործադրութեան վերադառնալու կարելիութիւնը քննարկելու», աւելցուց Ղարիպապատի:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշեց. «Յստակացուցինք այն քայլերը, զորս Միացեալ Նահանգները պէտք է կատարեն փոխըմբռնման յուշագիրին վերադառնալու համար»:

Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մեր երկրին դէմ հաստատուած ամերիկեան շրջափակումը, 15 մերձակայ պետութիւններու գոյութեամբ, բացարձակ պիտի չըլլայ»:

 

 

Leave a Comment