Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, կիրակի, 23 օգոստոս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի առջեւ տեղի ունեցաւ «Մէկ է ձեր երթը, «Րաֆֆի»-ի խե՛նթեր» խորագիրով ձեռնարկը, նուիրուած` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի նահատակներուն:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով:
Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Գօգօ Շիշէճեան, որ նշեց, թէ հաւաքին նպատակը ոչ միայն յիշելն է, այլ նաեւ վերանորոգել ԼԵՄ-ականի ուխտը եւ վառ պահել նահատակներու կողմէ փոխանցուած ջահը: Ան աւելցուց, որ պատմութիւնները շուտով կրնան մոռցուիլ, եթէ չըլլան պայքարող սերունդներ` հաստատելով, որ նահատակները իրենց նահատակութեամբ յիշեցուցին, որ հայ ժողովուրդը տակաւին պահանջատէր է իր հողերուն եւ իրաւունքներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ 5 նահատակ ընկերներու` Մհեր Ջուլհաճեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Կարօ Քոլանճեանի, Գէորգ Աշճեանի եւ Ժոզէֆ Պիլէզիքճեանի կենսագրականները:
Անկէ ետք Լոռի Այնէճեան ասմունքեց Արմէն Դանիէլեանի` Մհեր Ջուլհաճեանի նուիրուած բանաստեղծութիւնը:
Ազգային յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Արման Տէր Պետրոսեան` մասնակցութեամբ ԼԵՄ-Ի նուագախումբին:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, որ շեշտեց, թէ մեր նահատակները ապրեցան ու իրենց կեանքը զոհաբերեցին գաղափարի մը, հաւատքի մը, հայութեան արժանապատուութեան եւ հայրենիքին տեսլականին համար: Ան յիշեց, որ իր խօսքը այն նահատակ տղոց մասին է, որոնց ինք անձամբ ճանչցած է. «Այդ պահուն նահատակը այլեւս միայն պատմութեան մը անունը չէ: Ան դէմք է, ձայն է, ժպիտ է, յիշատակ է: Ան մարդ է, որուն հետ նստած ես, խօսած ես, կատակած ես, ծրագրած ես, եւ որուն ներկայութիւնը մէկ օրէն միւսը կը դադրի ըլլալէ ֆիզիքական, բայց երբեք չի դադրիր հոգեւոր ըլլալէ», ըսաւ ան:
Բանախօսը անդրադարձաւ լիբանանեան պատերազմի տարիներուն անձնազոհ տղոց ապրած դժուար պայմաններուն, երբ անոնք տարբեր պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ ստանձնած էին, մանաւանդ որ, ՀՅԴ Լիբանանի օրուան Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, հայութիւնը պէտք չէր ներքաշուեր եղբայրասպան կռիւներուն մէջ: Այդ տղաքը կոչուած էին պաշտպանելու համայնքի զաւակները անխտիր, հասնելու անապահով վայրերու մէջ գտնուող հայորդիներուն եւ անոնց կենսական կարիքները հոգալու, պարտաւոր էին պաշտպանել հայուն տունը, արժանապատուութիւնն ու կեանքը:
Սեւան Կարապետեան-Ադամեան խօսեցաւ նաեւ Հայ դատի եւ հայութեան արդար իրաւունքներու հետապնդման համար նուիրուելու կարեւորութեան մասին` շեշտելով, որ այս ուղիին ծառայող տղաքը կը գիտակցէին, թէ որքան մեծ հաւատք, կարգապահութիւն եւ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ նման աշխատանք մը: Բայց եւ այնպէս երբ մարդ այնքան կը հաւատայ իր գաղափարին, որ նոյնիսկ մահը կը դադրի ըլլալէ վախի աղբիւր, անիկա կը վերածուի զոհաբերութեան, իսկ զոհաբերութիւնը` անմահութեան:
Ան աւելցուց, որ «Րաֆֆի» մասնաճիւղի իւրաքանչիւր նահատակի ետին կայ պատմութիւն մը եւ գաղափարի համար կատարուած զոհաբերութիւն մը` հաստատելով, որ մեր նահատակները չկորսուեցան, անոնք մնացին մեր յիշողութեան եւ կուսակցական պատմութեան մէջ, նոր սերունդներուն փոխանցուելիք պատգամին մէջ:
Բանախօսը շեշտեց, որ մեր նահատակներուն մասին խօսիլը անցեալ չէ, այլ ներկայի հետ խօսիլ է, եւ մեր նահատակները մեզմէ կը խնդրեն չմոռնալ իրենց թողած պատգամը. «Նոր սերունդին պէտք է փոխանցենք, որ անոնց ժառանգածը միայն անուններու եւ տարեթիւերու շարան մը չէ: Անոնց ժառանգածը գաղափար է: Պատասխանատուութիւն է: Հայ մնալու գիտակցութիւն է: Հայ դատի նկատմամբ հաւատք է, սեփական ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն է:
«Այսօր նոր սերունդը թերեւս պիտի չապրի այն պատերազմը, զոր ապրեցան մեր նահատակ ընկերները: Եւ մենք ալ չենք ուզեր, որ մեր երիտասարդները ապրին պատերազմ: Բայց խաղաղութեան մէջ ապրիլ չի նշանակեր հրաժարիլ պայքարէն: Այսօր պայքարի ձեւերը տարբեր են: Այսօր պայքարը կրնայ ըլլալ հայերէն լեզուն պահելը, հայկական դպրոցը պահպանելը, մեր մշակոյթը ապրեցնելը, մեր պատմութիւնը ճանչնալն ու փոխանցելը, Հայ դատի մասին գիտակից սերունդ պատրաստելը, համայնքին ծառայելը, իսկ կարեւորագոյնը` հայուն նկատմամբ ունեցած պատասխանատուութիւնը երբեք չկորսնցնելը», ըսաւ Ս. Կարապետեան`շեշտելով, որ ազատագրական պայքարը չի վերջանար, երբ զէնքը կը լռէ, այլ անիկա կը շարունակուի այնքան ատեն որ կը շարունակուի հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջը:
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ իրենց կեանքը ազգին ու հայրենիքին նուիրած այս տղաքը կ՛ուզեն, որ իրենց ապրած գաղափարը ապրեցնենք, չվախնանք դժուարութիւններէն, չհրաժարինք մեր իրաւունքէն, հայութիւնը շարունակէ ըլլալ կազմակերպուած, միասնական եւ արժանապատիւ, իրենց անունները վիշտի աղբիւրի չվերածենք, այլ հպարտութեան, հաւատքի եւ յարատեւող յիշատակի, որովհետեւ նահատակի մը մեծագոյն յաղթանակը այն է, երբ իր մահէն ետք իր գաղափարը կը շարունակէ ապրիլ:
Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ տակաւին կայ հայ երիտասարդ մը, որ կը հաւատայ իր ժողովուրդին, կը ծառայէ իր համայնքին,կը բարձրաձայնէ Հայ դատի արդար պահանջը, կը պահէ հայ լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը, կը կառչի «Դէպի երկիր» գաղափարաբանութեան, մեր նահատակները պիտի շարունակեն ապրիլ, պիտի գան նոր սերունդներ շարունակել անոնց ուղին, իսկ նահատակներուն անմահ յիշատակը մեզի համար պիտի ըլլայ ոչ միայն իբրեւ անցեալի փառք, այլ նաեւ ապագայի ուղեգիծ:
Օրուան պատգամէն ետք, խօսք առաւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեանը, որ անդրադարձաւ ձեռնարկին նպատակին եւ կարեւորութեան` դիտել տալով, որ նահատակները չեն մեռնիր,այլ մեզի հետ միշտ ներկայ են:
Աւարտին, «Րաֆֆի-ի խենթեր» երգով ելոյթ ունեցաւ Ղազար Քէօշկերեան:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:



