Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի նշեց. «Լիբանանցի ժողովուրդին հետ մեր յարաբերութիւնները պատմական են ու խոր արմատներ ունին, եւ մենք ամբողջ ուժով կը պաշտպանենք Լիբանանը եւ անոր կ՛աջակցինք»: Ան այս մասին յայտնեց «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ռիտայի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ փոխըմբռնման յուշագիրի պայմաններէն մէկը այն էր, որ Միացեալ Նահանգներ վերջ տան արեւմտեան Ասիոյ, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ բոլոր պատերազմներուն:
«Անկասկած, Լիբանանի հարցը յառաջիկային պիտի վճռուի, եւ Իսրայէլ այլեւս Պէյրութի եւ Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում գործելու կարողութիւնը չունի», նշեց իրանցի պաշտօնատարը:
Անդրադառնալով Լիբանանի վերաշինութեան` ան ըսաւ. «Քանդուած տուները, Աստուած ուզէ, պիտի վերաշինուին»:
Ռիտայի յայտնեց, որ զինուորական պատերազմէն ետք «տնտեսական ճնշումի» մեկնարկը ցոյց կու տայ, թէ թշնամիները միայն զինուորական ուժէն հրաժարած են: «Ամերիկան ի՞նչ նոր բան կրնայ ընել: Մենք 15 տարիէ ի վեր կը տառապինք պատժամիջոցներու տակ, եւ անոնք մէկ ամիսէ աւելի է, որ ծովային շրջափակում հաստատած են»:
«Մենք պատերազմ որոնողներ չենք եւ երբեք պատերազմ չենք հրահրեր, այլ պատերազմ որոնողներուն դէմ կը դնենք», ըսաւ ան:
«Հըզպալլան ծնած է պաշտպանութեան ծիրին մէջ եւ ան իր երկիրն ու ժողովուրդը կը պաշտպանէ: Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի հետ բախումի մէջ չմտնէր ու անոր ծանր կորուստներ չպատճառէր, Իսրայէլ կրնար Պէյրութ հասնիլ», նշեց Ռիտայի: