Լիբանանեան Պատասխանատու Աղբիւր Մը` «Ժազիրա»-ին. «Հըզպալլան Կրնայ Լուծման Մաս Կազմել, Եթէ Խնդիրը Լուծող Լիբանանեան Լեզուով Խօսի»

Լիբանանեան պատասխանատու աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ իսրայէլեան ընտրութիւններուն իբրեւ հետեւանք ժամանակի վատնում ու բանակցային հոլովոյթը ուշացնելու փորձ գոյութիւն ունի` նշելով, որ ստուգման մեքանիզմի եւ անոր մասնակիցներու ճշդման ուշացում գոյութիւն ունի:

«Փորձնական շրջաններու ձախողութեան մասին իսրայէլեան խօսակցութիւնները ժամանակ շահելու համար ձգձգումի մարտավարութիւն են», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Մեր կողմէ բանակցութիւններու հոլովոյթը դադրեցնելը հեռաւոր կարելիութիւն է»:

«Փորձեցինք Ալի Թահեր բարձունքները մարտէն խնայել, սակայն մեր ջանքերը անյաջող էին», բացատրեց ան` աւելցնելով, որ Իսրայէլի զինուորական ցուցանիշերը կը վկայեն Ալի Թահերէն անդին անցնող զինուորական զարգացման մասին:

«Լիբանանեան բանակին կողմէ թերացում չկայ, սակայն ներքին ճակատի վրայ արիւնահեղութիւն չենք ուզեր», յայտնեց աղբիւրը` նշելով, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժ չ՛ուզեր եւ աշխատանք կը տանի լիբանանեան բանակին հետ ուղղակի հաղորդակցութիւն հաստատելու:

«Ամերիկեան երաշխիք ունինք, թէ Լիբանանը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցային խաղաքարտ պիտի չըլլայ», նշեց լիբանանեան պատասխանատու աղբիւրը:

«Հըզպալլային խորհրդակցելու պատգամներ յղեցինք, սակայն անոր կողմէ ընդառաջում չեղաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Հըզպալլան կրնայ օգտակար տարր ըլլալ պետութեան կողմէ ղեկավարուող բանակցութիւններուն մէջ` իր սահմանուած սկզբունքներուն ծիրին մէջ, եւ կրնայ լուծման մաս կազմել, եթէ խնդիրը լուծող լիբանանեան լեզուով խօսի»:

«Աշխատանք կը տանինք զէնքի պատրուակը վերացնելու ուղղութեամբ, եւ կուսակցութեան մերժումը զայն լիբանանցի ժողովուրդին եւ իր համակիր զանգուածին առջեւ պատասխանատու կը դարձնէ», յայտնեց աղբիւրը` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունի միջազգային համոզում մը, որ Հըզպալլան ո՛չ զէնքի ուժով, ո՛չ ալ արագ կարելի է զինաթափել:

Leave a Comment