Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. Թագաւորը Մահացաւ

Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. թագաւորը 89 տարեկանին մահացած է Օսլոյի հիւանդանոցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է թագաւորական տան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Հարալտ Ե. թագաւորը վախճանած է: Խոր ցաւով կը յայտնենք, որ նորին մեծութիւն Հարալտ թագաւորը այսօր վախճանած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նորվեկիոյ թագաւորը հիւանդանոց փոխադրուած էր 17 օգոստոսին: Այդ ժամանակէն ի վեր ան չէր լքած հիւանդանոցը: 27 օգոստոսին թագաւորական տունը յայտնած էր, որ անոր առողջական վիճակը վատթարացած է եւ կը գնահատուի «շատ ծանր»:

Կլիւքսպուրկներու տոհմէն թագաւորը գահ բարձրացած էր 1991 թուականին: Գահը պիտի ժառանգէ անոր 53-ամեայ որդին` Հոքոնը:

Leave a Comment