Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգները չեն զօրակցիր ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան 31 դեկտեմբեր 2026-ին անոր աւարտէն անդին երկարաձգման»` աւելցնելով. «Մենք ՖԻՆԻՒԼ-ը ձախողած կը նկատենք»:
«Ներկայիս կը գտնուինք տարբեր կացութեան մէջ` եռակողմ շրջագիծի լոյսին տակ, որ կ՛ուրուագծէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կայուն անվտանգութեան եւ խաղաղ յարաբերութիւններու յանգեցնող որոշակի պայմաններու կատարման վրայ հիմնուած ուղի: ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքի աստիճանական աւարտով մենք կ՛ակնկալենք, որ այս շրջանակը պիտի իրականացուի», նշած է ան:
«Ուաշինկթընի կարծիքով, ՖԻՆԻՒԼ-ը ձախողեցաւ Իսրայէլի հետ հակամարտութեան եօթը փուլեր արգիլել, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինուորական լայնածաւալ կուտակումը արգիլել», ըսաւ պաշտօնատարը` պնդելով. «Հըզպալլան ՄԱԿ-ի դիրքերու անմիջական մերձակայքին մէջ զինուորական ենթակառոյցներ հաստատեց եւ խաղաղապահ ուժերուն մօտ ըլլալը իբրեւ վահան օգտագործեց»:
«Միջազգային որեւէ նոր ներկայութիւն պէտք է սերտօրէն առնչուած ըլլայ շրջագիծի շօշափելի նպատակներուն, եւ ոչ թէ անորոշ ժամանակով միջնորդի դեր ստանձնէ չվճռուած սթաթիւս քոյի հարցին մէջ: Մենք հետաքրքրուած չենք անորոշ եւ անարդիւնաւէտ առաքելութիւն մը մէկ այլով փոխարինելով», ընդգծած է ան:
«Շրջագծային համաձայնագիրի յաջող իրականացումը հիմք պիտի դնէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կայուն ու խաղաղ յարաբերութիւններու համար: Նպատակը անժամկէտ խաղաղապահ դասաւորումները ոչ անհրաժեշտ դարձնելն է», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարը: