Հռոմի բանակցութիւններու 8-րդ փուլի առկախումը տեղի կու տայ որոշ մեկնաբանութիւններու: Եթէ յենինք երաշխաւորի-միջնորդի մեկնաբանութիւններուն, ապա կը նկատենք, որ առկախումի հիմնական պատճառը փորձառական գործողութիւններու անարդիւնաւէտ վիճակն է: Կը փորձուի լաւատեսութիւն հաղորդել յառաջիկայ ընթացքին համար եւ կը հաստատուի, որ Ուաշինկթընը կը շարունակէ յանձնառու մնալ իր առաքելութեան: Անորոշ է նաեւ կայացած պայմանաւորուածութիւնները վերահսկող պատասխանատու մարմինի կազմութեան ճակատագիրը. գործառնական մեքանիզմը նոյնպէս:
Ամերիկեան լաւատեսութիւնը սակայն շատ յուսադրիչ չ՛երեւիր, որովհետեւ կը յիշուի, որ միացեալ համակարգերը պիտի գործեն կայացած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնաւորումէն ետք:
Ռազմագիտական առումով հանգուցակէտի վերածուած է Ալի Թահեր բլուրը: Իսրայէլեան ուժերը անզիջելի կը նկատեն անոր տիրապետումը: Ռազմական այս կէտին շուրջ յայտնաբար բանակցութիւններ կան, մէկ կողմէ ամերիկացիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ, միւս կողմէ իրանցիներուն եւ Հըզպալլայի միջեւ, անոր ճակատագիրը ճշդելու համար: Այս երկրորդ ուղղութիւնը Ալի Թահերի վերահսկողութիւնը լիբանանեան բանակին տրամադրելու կը միտի:
Կայ սակայն լաւատեսութիւնը հարուածող այլ դիրքորոշում: Իսրայէլ կը յայտարարէ Ալի Թահերը ամէն գնով «վնասազերծելու» մասին: Երաշխաւոր-միջնորդը կ՛երկրորդէ իր դաշնակիցին. աւելի՛ն` կը յայտարարէ, որ կանաչ լոյս տուած է այդ գործողութիւնը իրականացնելու համար: Իսրայէլ կը խօսի բլուրը ոչնչացնելու իր ծրագիրին մասին: Ուաշինկթըն` ոչնչացման կանաչ լոյս տուած ըլլալու մասին: Բնորդային փորձառական շրջաններու անարդիւնաւէտութիւնը մատնանշելով Ուաշինկթըն կ՛արդարացնէ իսրայէլեան նոր յարձակումները այս ձեւով, որոնք ի դէպ, չեն դադրած արդէն:
Առկախուած բանակցութիւններ, բլուրի ոչնչացման որոշում եւ ամերիկեան կանաչ լոյս` այս բոլորին առընթեր Ուաշինկթըն կը յայտարարէ, որ բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ հաղորդակցութեան կապը պահպանած ըլլալու համար:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացման հաւանականութեամբ ստեղծուելիք ապահովական բացին, զայն լրացնող ուժերու ձեւաչափին եւ բաղադրութեան մասին անորոշութեան, իսրայէլեան յարձակումներու շարունակութեան եւ բանակցութիւններու առկախման մթնոլորտին եւ իրականութեան մէջ:
Պաշտօնական Պէյրութէն կ՛արծարծուին ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութեան եւ ատոր համար ՖԻՆԻՒԼ-ի վերաիմաստաւորումով ՄԱԿ-եան նոր ուժեր տեղակայելու անհրաժեշտութեան դիմումներ:
Ալի Թահերի կարգավիճակի ճշդումին համար կը յիշուի, որ կ՛ընթանան բանակցութիւններ ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող բլուրը լիբանանեան բանակի վերահսկողութեան տակ առնելու: Այս լրատուութիւնը կը յիշեցնէ Անգարայի պատրաստակամութիւնը միջնորդելու լիբանանեան կառավարութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ: Չի բացառուիր, որ Անգարայի ներկայացուցիչներուն սպասուող այցելութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլայ Ալի Թահերը:
«Ա.»