«Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան ռուսական արտօնատիրութիւնը այլ կողմի փոխանցելու մասին Հայաստանի յայտարարութիւնները Մոսկուան իբրեւ Արեւմուտքի կողմէ Հայաստանը շանթաժի ենթարկելու փորձ կը գնահատէ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:
«Հաշուի առնելով, որ նախապէս արտօնատիրութիւնը ոեւէ մէկուն փոխանցելու հարց ընդհանրապէս չէր արծարծուած, մեծ հաւանականութեամբ կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն պարզապէս շանթաժի կ՛ենթարկեն: Կը պահանջեն փոխադրամիջոցային ոլորտէն վերցնել ռուսական գործօնը, իսկ ատոր դիմաց կը խոստանան բազմամիլիոննոց ներդրումներ եւ ներգրաւում նախագիծերու մէջ, որոնց տնտեսական նպատակայարմարութիւնը դժուար է տեսնել:
«Ասիկա ամբողջովին կը համապատասխանէ Ռուսիան շրջանէն դուրս մղելու` Արեւմուտքի անազնիւ խաղերու տրամաբանութեան», կը գրէ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն նաեւ նշած են, որ Երեւանի այն պնդումները, թէ ռուսական արտօնատիրութիւնը կը խոչընդոտէ Հայաստանի` միջազգային գումակային նախաձեռնութիւններուն միանալուն, «բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան»:
«Այս հարցին վերաբերեալ բոլոր պարզաբանումները տրուած են տարբեր մակարդակներու վրայ: Միեւնոյն ժամանակ, հայկական կողմը կը դժուարանայ հակափաստարկներ ներկայացնել», ընդգծած են նախարարութենէն` աւելցնելով, որ մինչեւ հրապարակային յայտարարութիւններ ընելը գործընկերները սովորաբար կը նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ գործնական ձեւաչափով կը քննարկեն գոյութիւն ունեցող խնդիրներն ու մտահոգութիւնները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պնդէ, որ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութիւնը առաւելագոյն պատասխանատուութեամբ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ իրականացուցած է աւելի քան 30 միլիառ ռուբլիի ներդրումներ, ներառեալ շարժակազմի արդիականացման ուղղութեամբ:
«Ներդրումներու ժամանակացոյցը փոխուած է հայկական կողմին խնդրանքով: Ինքնին ռուս երկաթուղայիններու մասնագիտական կարողութիւնները Հայաստանին օգնած են պահպանել մրցակցային առաւելութիւնները, որոնք այսօր, ընդհանուր առմամբ, կարելիութիւն կու տան խօսելու շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին», «Ինթըրֆաքս»-ի հաղորդումով յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յայտնենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ եթէ Հայաստանի երկաթուղիներու կառավարումը շարունակէ Ռուսիոյ ձեռքը մնալ, հանրապետութիւնը կը կորսնցնէ միջազգային երկաթուղային ցանցերուն համարկուելու կարելիութիւնները: Ան նաեւ ռուսական կողմէն խնդրած էր «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան արտօնատիրութեան իրաւունքը վաճառել երրորդ երկրի: