ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդականը մասնակցեցաւ Պաղեստինցի ուսանողներու ընդհանուր միութեան (GUPS) 11-րդ Ընդհանուր ազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ` 29 յուլիսէն մինչեւ 31 յուլիս 2026:
Համագումարը համախմբեց պաղեստինեան, արաբական եւ միջազգային երիտասարդական ու ուսանողական կազմակերպութիւններ` քննարկելու քաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումները, ամրապնդելու երիտասարդական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ վերահաստատելու միջազգային զօրակցութիւնը Պաղեստինեան դատին:
ՀՅԴ Երիտասարդական պատուիրակութիւնը ներկայացուցին Զաւարեան ուսանողական միութենէն Շերիլին Տիրացուեան եւ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն Կարէն Հերկելեան:
Համագումարին, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան ղեկավարութեան եւ միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն, դաշնակցական պատուիրակութիւնը բարձրաձայնեց Արցախի հիմնահարցը` ներկայացնելով արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը եւ հայրենիք վերադարձի անոնց իրաւունքը` ընդգծելով նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:
Միջազգային մասնակիցներու համար կազմակերպուած ծրագիրի ծիրին մէջ ԶՈՄ-ի ներկայացուցիչը այցելեց Շաթիլայի պաղեստինեան գաղթակայան, ուր ծանօթացաւ պաղեստինցի ժողովուրդի պատմական փորձառութեան:
Համագումարի փակման արարողութեան ընթացքին, ՀՅԴ ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ զօրակցութեան պատգամով` Պաղեստինցի ժողովուրդին եւ իր արդար դատին, շեշտելով երիտասարդութեան ու ուսանողութեան դերը` արդարութեան, ազգային ինքնութեան եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ:
Համագումարի ծիրին մէջ, Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) նախագահ Սերճիօ Ամանթէ եւ Պաղեստինցի ուսանողներու ընդհանուր միութեան ղեկավար Սայֆ Աքէլ այցելեցին «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոն: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Եղիա Թաշճեան:
Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու դերը հայ եւ պաղեստինեան դատերու արդար լուծման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ ապագայ համագործակցութեան ու միացեալ նախաձեռնութիւններու հեռանկարները:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը վերահաստատէ, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի գործօն մասնակցութիւնը միջազգային երիտասարդական եւ ուսանողական հարթակներուն կարեւոր միջոց է` ամրապնդելու եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը համախոհ եւ գործընկեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ միջազգային շրջանակներու մէջ ներկայացնելու Հայ դատը ու հայ ժողովուրդի իրաւունքները:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
