Ո՛չ Ամէնուն Հետ, Այլ` Ճշմարտութեան Կողքին

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ամէն առաւօտ օրացոյցէն թերթիկ մը կը վերցնեմ` նոր օրուան լուռ աչքալուսանքը կատարելով: Փոքրիկ այդ թուղթը կ՛ազդարարէ ժամանակին անընդհատ ընթացքը. օր մը եւս անցաւ, նոր մը սկսաւ: Իսկ թերթիկին ներքեւ սովորաբար իմաստուն խօսք մը կայ` մարդուն մտածումը պահ մը առօրեայէն բարձրացնելու եւ ներքին խորհրդածութեան մղելու կոչուած:

Այսօրուան խօսքը հետեւեալն էր.

«Ջանա՛ սա սկզբունքին տէր ըլլալ.- Ոչ ոքի դէմ, ամէնուն հետ»:

Կարդացի եւ մտովին անմիջապէս մերժեցի:

Գուցէ այս միտքը առաջին հայեացքով խաղաղասիրական, ազնուական եւ մարդասիրական թուի: Ո՞վ պիտի չուզէր առանց թշնամութեան ապրիլ, անտեղի բախումներէ խուսափիլ եւ բոլորին հանդէպ բարեացակամ մնալ: Սակայն խօսքին խորքը մտնելով` անոր մէջ վտանգաւոր երկիմաստութիւն մը կը բացուի: Որովհետեւ «ոչ ոքի դէմ» ըլլալը տակաւին կարելի է հասկնալ իբրեւ անձնական ատելութենէ, քինախնդրութենէ եւ թշնամանքէ հրաժարում: Բայց «ամէնուն հետ» ըլլալը բոլորովին տարբեր բան է: Ան կրնայ նշանակել յարմարիլ բոլորին, համակերպիլ հակադիր սկզբունքներու, նոյն ժպիտով մօտենալ թէ՛ արդարին եւ թէ՛ անարդարին, թէ՛ զոհին եւ թէ՛ անոր հալածիչին:

Նկարագիր ունեցող մարդը չի կրնար ամէնուն հետ ըլլալ:

Ան կրնայ յարգել բոլորը, սակայն չի կրնար ընդունիլ ամէն դիրքորոշում: Կրնայ քաղաքավար մնալ, բայց չի կրնար բարոյապէս չէզոք ըլլալ: Կրնայ անձնական ատելութիւն չունենալ, բայց պարտաւոր է դիրք բռնել անարդարութեան, կեղծիքի, բռնութեան եւ արժանապատուութեան ոտնահարման դէմ:

Նկարագիրը ճիշդ այդ սահմանագիծն է:

Ան այն ներքին ձայնն է, որ մարդուն կ՛ըսէ` մինչեւ ո՛ւր կարելի է երթալ եւ ուրկէ՛ անդին զիջումը այլեւս խոհեմութիւն չէ, այլ` ինքնուրացութիւն: Սկզբունքը իր իսկական արժէքը կը ստանայ այն պահուն, երբ անոր հաւատարիմ մնալը զոհողութիւն կը պահանջէ: Երբ ոչինչ կը վտանգուի, սկզբունքային երեւիլը դիւրին է: Դժուարը դիրք պահելն է, երբ դիմացդ շահ մը կայ, բարձր պաշտօն մը, պատիւ մը, գումար մը, հրաւէր մը կամ անձնական յարմարութիւն մը:

Մեր շրջապատին մէջ, դժբախտաբար, քիչ չեն այն մարդիկը, որոնք ամէնուն հետ լաւ ըլլալու կարողութիւնը իմաստութիւն կը նկատեն: Անոնք իրենց ընթացքը կը ներկայացնեն իբրեւ չափաւորութիւն, դիւանագիտութիւն կամ լայնախոհութիւն: Իրականութեան մէջ, սակայն, յաճախ պարզ հաշուարկ է` ոչ մէկ դուռ փակել, ոչ մէկ ազդեցիկ անձ դժգոհ ձգել, ոչ մէկ դիրքի ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնել:

Այսպիսի մարդը տարբեր ճշմարտութիւններ կ՛ունենայ տարբեր միջավայրերու մէջ: Մէկուն ներկայութեան կը դատապարտէ այն, ինչ ուրիշի ներկայութեան կը պաշտպանէ: Այստեղ հայրենասիրական ճառ կը խօսի, այնտեղ` նոյն համոզումները կը մեղմացնէ կամ ամբողջովին կը մոռնայ: Սփիւռքի մէջ պահանջատիրութեան դրօշ կը պարզէ, Հայաստան հասնելուն պէս իշխանութեան կամ ազդեցիկ շրջանակներու հաճոյ թուելու համար ուրիշ լեզու կը գործածէ: Փակ սենեակի մէջ խիզախ է, հրապարակին վրայ` զգուշաւոր, իսկ շահու ներկայութեան` լուռ:

Անոր համար դիրքորոշումը համոզում չէ, այլ` հագուստ, որ կը փոխուի միջավայրին համաձայն:

Այս երեւոյթը հանրային կեանքը ներսէն մաշեցնող ախտ է: Երբ մտաւորականը կը վախնայ յստակ խօսելէ, երբ գործիչը իր խօսքը կ՛ընտրէ ոչ թէ ճշմարտութեան, այլ ներկաներու համաձայն, երբ ազգային հարցերը կը վերածուին անձնական դիրքի պահպանման միջոցի, հասարակութիւնը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր բարոյական կողմնացոյցը:

Այդ պահուն այլեւս չենք գիտեր, թէ ո՛վ ի՛նչ բանի կը հաւատայ: Գիտենք միայն, թէ ո՛վ որո՛ւ հետ կը ցանկայ լաւ մնալ:

Եւ ահա այս մտածումներուն զուգահեռ հայրենի մամուլին մէջ կարդացի ծագումով լիբանանցի- ամերիկացի գրող, տնտեսագէտ եւ վերլուծաբան Նեսիմ Նիքոլաս Թալեպի կեցուածքին մասին: Ան հրաւիրուած էր Ազրպէյճան` դասախօսութիւն մը տալու: Մերժած էր: Հրաւիրողները, կարծելով, թէ խնդիրը գումարն է, զգալիօրէն բարձրացուցած էին իրենց առաջարկը: Բայց Թալեպ դարձեալ մերժած էր` յայտարարելով, որ Պաքուի մէջ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկուած մնալու պայմաններուն տակ ինք ոտք պիտի չդնէ Ազրպէյճան:

Այսպիսի արարք մը երկար բացատրութիւններու կարիք չունի:

Մարդը հայ չէ: Մեր ներքին վէճերուն մասնակից չէ: Մեր ներքին հաշիւներուն, աթոռներուն եւ փոխադարձ մեղադրանքներուն հետ կապ չունի: Սակայն ան ունի բարոյական սահման մը եւ այդ սահմանը չի վաճառեր: Ան իր հեղինակութիւնը չէ գործածած միայն գիրքեր գրելու, բեմերէ խօսելու կամ մեծ պատուագիներ ստանալու համար: Ցոյց տուած է, որ գաղափարը, որուն մասին կը խօսի, կրնայ նաեւ անձնական ընտրութեան վերածել:

Ահա՛ թէ ինչ է սկզբունքը:

Սկզբունքը ուրիշին հայրենիքին կամ դատին մասին գեղեցիկ խօսք արտասանելը չէ: Սկզբունքը այն է, որ օտար երկրի մը հրաւէրը մերժես, երբ ընդունիլը պիտի հակասէ քու բարոյական համոզումներուդ:

Թալեպի կեցուածքը այս իմաստով միայն զօրակցութեան արտայայտութիւն մը չէ: Ան հայելին է, որուն դիմաց մեր իրականութեան բազմաթիւ դէմքեր պէտք է ամչնան:

Պէտք է ամչնան անոնք, որոնք հայկական բեմերու վրայ բարձրաձայն կը խօսին ազգային արժանապատուութենէ, բայց իրենց անձնական շահերուն հասնելու համար պատրաստ են լռելու: Անոնք, որոնք հեռուէն խիզախ են, իսկ պատասխանատու դիրքերու մօտենալուն պէս կը դառնան «հաւասարակշռուած»: Անոնք, որոնք ամէն իշխանութեան հետ լեզու կը գտնեն, ամէն հոսանքի հետ լուսանկար ունին եւ ամէն հակասութեան մէջ իրենց համար ապահով անկիւն մը կը պահեն:

Կարելի չէ միաժամանակ ճշմարտութեան եւ անոր ուրացման կողքին կանգնիլ:

Կարելի չէ բոլորին հաճելի ըլլալ` առանց սեփական խղճին անհաճոյ դառնալու:

Դիրք ունենալը չի նշանակեր ատելութիւն տարածել: Սկզբունքային ըլլալը չի պահանջեր կոպտութիւն, անձնական վիրաւորանք կամ անհանդուրժողութիւն: Մարդ կրնայ յարգանքով հակադրուիլ, ազնուութեամբ մերժել եւ առանց թշնամանքի պայքարիլ: Սակայն խաղաղասիրութիւնը պէտք չէ շփոթել բարոյական անտարբերութեան հետ: Հանդուրժողութիւնը չի նշանակեր, որ բոլոր արարքները հաւասար են, իսկ երկխօսութիւնը չի պարտադրեր հրաժարիլ սեփական դատողութենէն:

Ուստի այսօրուան օրացուցային խօսքը ես պիտի վերաձեւակերպէի.

Ո՛չ` «ոչ ոքի դէմ, ամէնուն հետ»:

Այլ` ոչ մէկուն հանդէպ անձնական ատելութեամբ, սակայն միշտ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ արժանապատուութեան հետ:

Որովհետեւ մարդը իր կեանքին ընթացքին կը ճանչցուի ոչ միայն այն բարեկամներով, զորս կրցած է շահիլ, այլ նաեւ այն սահմաններով, զորս մերժած է անցնիլ: Երբեմն արժանապատիւ «ո՛չ» մը աւելի մեծ բարոյական արժէք ունի, քան հարիւրաւոր քաղաքավար «այո՛»-ներ:

Եւ երբ օտար մը իր գործով մեզի կը յիշեցնէ այս ճշմարտութիւնը, միայն զինք գնահատելը չէ մեր պարտականութիւնը:

Մեր պարտականութիւնն է մենք մեզի հարց տալ.- իսկ մե՞նք, ի՞նչ բանի պիտի մերժէինք մասնակցիլ` մեր համոզումներուն հաւատարիմ մնալու համար:

 

 

 

Leave a Comment