Պրաթիսլաւայի մէջ (Սլովաքիա) տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Դաւթեան 70 քկ կշիռի մրցումներուն պրոնզէ մետալ շահեցաւ:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Դաւթեան շատ հետաքրքրական յաղթանակ մը արձանագրեց Եգիպտոսի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ահմետի դէմ` 7-6 արդիւնքով:
Հայ ըմբիշը 2-6 արդիւնքով կը պարտուէր, բայց կրցաւ գօտեմարտի ընթացքը ամբողջովին փոխել: Նախ Դաւթեան 4-6-ի նուազեցուց տարբերութիւնը, իսկ վերջին երկվայրկեաններուն վճռական հնարք կատարեց եւ յաղթանակ կերտեց: