Միշել Տէր Զաքարեան Պաշտօնանկ Եղաւ

Ֆրանսական Նանթ ակումբը, որ «Լիկ 2»-ի առաջին երեք հանգրուաններուն երեք պարտութիւններ կրած էր, պաշտօնանկ ըրաւ իր խումբի գլխաւոր մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեանը:

Ասիկա 63 տարեկան հայազգի մարզիչին երրորդ վերադարձն էր ակումբ, նախապէս 2007-2008 եւ 2012-2016 տարիներուն մարզելէ ետք: Այն ժամանակ ան խումբը բարձրացուցած էր «Լիկ 1»: Սակայն 3-րդ փորձը տեւեց շատ կարճ` ընդամէնը քանի մը շաբաթ: Նանթի ղեկավարութիւնը չկրցաւ համբերել, մանաւանդ Ռոտեզի դէմ մրցումին շաբաթ օրուան պարտութենէն ետք (2-5): Կիսախաղին Նանթ 2-1 արդիւնքով կը յաղթէր:

Անցեալ տարեշրջանին Բ. դասակարգ փոխանցուած Նանթ, որ վերջին դիրքը կը գրաւէ, պիտի մրցի Կենկանի դէմ:

Տէր Զաքարեանին պիտի փոխարինէ Կրեկորի Փուարիէ, մանաւանդ որ Անթուան Քոմպուարէ մերժած է երրորդ անգամ ակումբ վերադառնալ:

Տէր Զաքարեանի շատ արագ հեռացումը մրցանիշ եղաւ Նանթի պատմութեան մէջ, ուր ան շրջանցեց Միկել Քարտոսն, Ռեմոն Տոմենեքը եւ Վահիտ Հալիլհոճիչը, որոնք 8-ական մրցումէ ետք պաշտօնանկ եղած էին:

Այդ մրցումէն ետք Տէր Զաքարեան յայտնած էր, որ եթէ զինք հեռացնեն կրնայ աւարտել մարզիչի իր ասպարէզը:

Նանթի նախկին յետսապահին հրաւէրը սկիզբէն զարմանք պատճառած էր մասնագէտներու, քանի որ ան վերջին երկու տարիներուն Մոնփելիէի եւ Քանի հետ ձախող արդիւնքներ ձեռք ձգած էր:

Բայց ըստ մասնագէտներուն, Նանթի հարցը մարզիչի հարց չէ, այլ մարզիկներու հոգեբանական խոցելի վիճակն է, ինչպէս նաեւ մարզական ղեկավարութեան անբաւարար աշխատանքին հետ կապուած է:

«Եթէ դժգոհ են աշխատանքէս, թող հեռացնեն զիս եւ վերջ: Բայց ես ալ ամէն ինչ կ՛ուզեմ բացայայտել: Ֆութպոլիստները պէտք է շարժին դաշտին վրայ եւ պայքարին», ըսած է Տէր Զաքարեան` Ռոտեզի դէմ մրցումէն ետք:

 

 

Leave a Comment