Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան իշխանին:
Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին բարձր գնահատեց տարբեր ոլորտներէ շուրջ 80 գործարարներ ներառող եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Խալետ Պըն Ահմետ Զայուտիի գլխաւորած էմիրաթական պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը, որ ցուցանիշ է Լիբանանի նկատմամբ անոր արաբ եղբայրներուն վստահութեան վերականգնման:
Ան նաեւ այցելութիւնը առիթ նկատեց ամրապնդելու Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութիւնն ու գործընկերութիւնը: