Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր սէուտական Նասր ակումբին հետ կոլ մը նշանակեց եւ համաշխարհային նոր մրցանիշ մը արձանագրեց` 41 տարեկանին իր յաջորդական 25-րդ եղանակին կոլ նշանակելով:
Այս թիւերը արդէն ցոյց կու տան անոր կայուն մակարդակը: Նասրի վերջին մրցումին Ռոնալտոյի կոլը թիւ 977 կը կրէր, եւ ան այժմ 23 կոլի պէտք ունի` հասնելու հազար կոլի:
25 տարիներու ընթացքին, խաղալով տարբեր ակումբներու հետ` Փորթուգալի, Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, Ռոնալտօ կրցած է տարբեր մակարդակի խմբակիցներու հետ արդիւնք տալ:
Նախապէս շուէտացի Զլաթան Իպրահիմովիչ 24 յաջորդական եղանակներ կրցած էր կոլ նշանակել:
Ռոնալտօ 450 կոլ նշանակած է Ռէալ Մատրիտի հետ, 146 կոլ` Փորթուգալի ազգային խումբին հետ, 145 կոլ` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, 130 կոլ` Նասրի հետ, 101 կոլ` Եուվենթուսի հետ եւ 5 կոլ Սփորթինկ Լիզպոնի հետ:
Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի իր 923-րդ կոլը նշանակեց կիրակի առաւօտեան ժամերուն` Ինթեր Մայեմիի հետ, որ 6 օգոստոսէն ի վեր 4 մրցումներ կորսնցուց եւ մէկ հաւասարութիւն արձանագրեց:
Ինթեր Մայեմի 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց իր դաշտին վրայ Թորոնթօ Էֆ. Սի.-էն: Մեսսի 82-րդ վայրկեանին նշանակեց Ինթերի միակ կոլը` 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք:
Մեսսիի ասպարէզը չենք կրնար բաղդատել Ռոնալտոյի հետ, մանաւանդ որ Մեսսի իր ասպարէզի առաջին 17 տարին Պարսելոնայի հետ անցուց, ապա 2 տարեշրջան խաղցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, եւ ասիկա երրորդ տարին է, որ ան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ: