Իրաքի վարչապետի ապահովական հարցերու խորհրդական Քասեմ Արաժի յայտնեց, որ Իրաք Իրանին ու Սէուտական Արաբիոյ ապահովական համակարգումի միացեալ խորհուրդ ստեղծելու առաջարկ ներկայացուցած է:
Արաժի իրաքեան «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ, թէ առաջարկին նպատակը Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ վստահութեան տագնապը կարգաւորելն է:
Ան այս առնչութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չներկայացուց: