Փեսքով. «Բրիտանիան Կը Խոչընդոտէ Ուքրանիոյ Խաղաղութեան Հաստատման»

Քրեմլին կը յայտարարէ, թէ Բրիտանիան կը խոչընդոտէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման` Քիեւին ՍՔԱԼՓ հեռահաս հրթիռներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տրամադրելով: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ Բրիտանիան «հետեւողականօրէն կրակի վրայ իւղ կը թափէ» եւ կը փորձէ խոչընդոտել խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ նոյնիսկ չնչին յառաջընթացը:

«Ռուսիան պիտի թիրախաւորէ եւ ոչնչացնէ Ուքրանիոյ մէջ այդ հրթիռներու արտադրութեամբ զբաղող ձեռնարկութիւնները», յայտնած է Քրեմլինի բանբերը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ռուսական ուժերը Զապորոժիէ, Տոնեցք եւ Սումի գաւառներուն մէջ 3 գիւղեր գրաւած են:

Միւս կողմէ, երէկ կանուխ առաւօտուն ուքրանական անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի մը պատճառով հարաւային Ռուսիոյ մէջ երկու մանուկներ զոհուեցան: Ելեկտրոնային առեւտուրի «Օզոն» ընկերութիւնը հաղորդեց, որ իրեն պատկանող պահեստանոցներ երրորդ օրն ըլլալով յարձակումներու կ՛ենթարկուին:

 

Leave a Comment