Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Կիորկոս Կերափեթրիթիս հեռաձայնած է իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արծարծուած են Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան եւ շարունակուող համակարգումի լոյսին տակ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:

Երկու նախարարները նախանձախնդրութիւն յայտնած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ հետզհետէ առած թափին վրայ հիմնուելով ընդլայնել տնտեսական, ներդրումային եւ ուժանիւթային ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը:

Անոնք բարձր գնահատած են Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ եռակողմ գործակցութեան մեքանիզմը եւ յայտնած, որ անհամբեր կը սպասեն նշեալ մեքանիզմի շրջագիծին մէջ գործակցութեան եւ համակարգումի շարունակման` ի շահ հասարակաց շահերուն:

Երկու նախարարները շրջանային զարգացումներու շուրջ իրենց պատկերացումները ներկայացուցած են` ընդգծելով դիւանագիտական ջանքերը աշխուժացնելու եւ մագլցումը մեղմացնելու համար քաղաքական լուծումներուն աջակցելու կարեւորութիւնը:

Ապտելաթի շեշտած է ուժանիւթի եւ համաշխարհային առեւտուրի շարժումին անվտանգութեան շուրջ ներկայ լարուածութիւններու վտանգաւոր հետեւանքներու լոյսին տակ, զինուորական մագլցումէն խուսափելու, դիւանագիտական ուղին գերակայ նկատելու եւ միջազգային նաւարկութեան անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանին ան նշած է, որ Եգիպտոս կ՛աջակցի Լիբանանին, անոր միասնականութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու ազգային հաստատութիւններուն, եւ կոչ ուղղած, որ Իսրայէլ յարգէ Լիբանանի վրայ բոլոր զինուորական յարձակումներու դադրեցումը եւ հեռանայ լիբանանեան բոլոր հողերէն, ինչ որ կ՛ամրապնդէ երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, եւ արգելք կը հանդիսանայ շրջանին մէջ մագլցումի ծիրի ընդլայնման:

Leave a Comment