Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտնեց. «Իրանի տնտեսական հաշուետուութեան օրը կը մօտենայ»` յայտարարելով. «Ուաշինկթըն այսօր արշալոյսին պիտի սկսի Թեհրանի վրայ իր տեսակին մէջ բացարձակապէս մեծագոյն ելեւմտական յարձակում մը»:
Պեսենթ բացատրեց, որ նշեալ քայլի նպատակը կտրել է տնտեսական ամէն երակ, որ կը նպաստէ իրանեան վարչակարգին ոտքի մնալուն` զգուշացնելով երկիրները իրենց ճակատագիրը Թեհրանին կապելէ` նշելով, որ ատիկա անոնց առջեւ դէպի տեւական բարօրութիւն առաջնորդող ճամբան պիտի փակէ:
Ան աւելցուց, որ որեւէ պետութիւն, որ Իրանին համար «ելեւմտական երակի» դեր կը ստանձնէ, պէտք է անոր հետ մեկուսացման բաժնեկցում նախատեսէ:
Պեսենթ միեւնոյն ժամանակ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «արագ ու վճռական» կերպով պիտի հակադարձէ ամերիկեան ուժերը կամ Ծոցի երկիրները թիրախաւորող որեւէ զինուորական արարքի:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պիտի հետեւինք Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու ամերիկեան սպառնալիքներուն եւ մեր իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ եղածը պիտի կատարենք»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս ամերիկեան «Նիուզ Մաքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելը Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ներկայութեան առաջին ու հիմնական նպատակն է` աւելցնելով, որ իր երկիրը Թեհրանի նկատմամբ վարուելու բազմաթիւ գործիքներ ունի, որոնցմէ մէկ քանին տնտեսական է, իսկ ուրիշներ` «վճռական»:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու ունեցած գործիքներու հզօրագոյններէն մէկը Իրանին քարիւղի եւ կազի առեւտուրը խեղդել փորձելու գինը վճարել տալն է` նշելով, որ հակառակ Թեհրանի Հորմուզի նեղուցը փակելու փորձերուն, Ուաշինկթըն կը յաջողի օրական 7 եւ 15 միլիոն տակառ դուրս բերել:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը աւելցուց, որ ամերիկեան վարչակազմը աշխատանք կը տանի կանխարգիլելու ուժանիւթի ճգնաժամ մը, զոր Իրան կը փորձէ յառաջացնել:
Ան ըսաւ, որ Թեհրան կարողութիւնը չունի միջազգային առեւտուրի ճամբան փակելու, ինչ որ կը նուազեցնէ ճնշում բանեցնելու անոր տրամադրութեան տակ գտնուող խաղաքարտերը:
Վանս յայտնեց, որ Իրան «հսկայական ճնշումներ» կը դիմագրաւէ` նշելով, որ այդ ճնշումները կը ծառայեն անոր հիւլէական զէնք չունենալը երաշխաւորելու Ուաշինկթընի նպատակին:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան, անդրադառնալով իր երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ըսաւ, թէ կառավարութիւնը յանձնառու է սղաճի համեմատութեան նուազեցման:
Ան անդրադարձաւ «ջուրի, ելեկտրականութեան, կազի, վառելանիւթի, շրջակայ միջավայրի եւ դրամատնային ոլորտներուն մէջ մեծ բացերու»` աւելցնելով, որ իր կառավարութիւնը այդ խնդիրները «ժառանգած է»:
Իրանի նախագահը յայտնեց, որ իշխանութիւնը ստանձնելէն ետք իր երկիրը պատերազմի, պատժամիջոցներու, քաղաքական ճնշումներու եւ ահաբեկումներու խառնուրդ մը դիմակայած է:
Փեզեշքիան նշեց, որ Իրան կը դիմակայէ «տնտեսական, զինուորական եւ ապահովական համապարփակ պատերազմ մը»` նշելով, որ «թշնամիները» հրապարակաւ սպառնացած են երկրին դէմ աննախադէպ պատժամիջոցներ հաստատել:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի թիրախաւորէ իր դէմ որեւէ թշնամական արարքի աղբիւրը` զգուշացնելով այն երկիրները, որոնք իրենց հողերն ու ռազմակայանները կը տրամադրեն Իրանի վրայ յարձակումներ գործող ուժերուն:
Ան նշեց, որ վառելանիւթի մատակարարման շարք մը օդանաւեր հեռացած են Պուլկարիայէն` նշելով, որ անոնց ներկայութիւնը «Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններուն աջակցութիւն կը ներկայացնէր»:
«Իրան որեւէ պետութեան սպառնալիք չի ներկայացներ, եթէ այդ պետութիւնը իր կարելիութիւնները անոր դէմ անօրինական արարքներու մէջ չ՛օգտագործեր», ըսաւ Պաղայի:
Պաղայի Միացեալ Նահանգներու յայտարարած «տնտեսական պատերազմ»-ը նկատեց «տնտեսական ահաբեկչութիւն»` զգուշացնելով, որ Իրանի դէմ ծովային շրջափակում հաստատելու ամերիկեան քայլերուն հետ որեւէ գործակցութիւն «վտանգաւոր հետեւանքներ» պիտի ունենայ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Օմանի արտաքին գործոց նախարարը այսօր Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ շարունակուող բանակցութիւններու ծիրին մէջ Թեհրան պիտի այցելէ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, թէ այցելութիւնը նեղուցին վերաբերեալ շարունակուող խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պաղայի իր կարգին ըսաւ, որ օմանեան պատուիրակութեան այցելութեան ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններու կողքին անդրադարձ պիտի կատարուի Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան եւ ծովային նաւարկման ուղիներուն: