Փաշինեան. «Նոր Սահմանադրութեան Մէջ Անկախութեան Հռչակագիրին Յղում Պէտք Չէ Ըլլայ»

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում պէտք չէ ըլլայ:

Ան ժամկէտներու մասին այդպէս ալ չխօսեցաւ, բայց ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ամիսներուն: Կիրակի օր Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման տարեդարձին առիթով Փաշինեանը վերջին հինգ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ուղերձ չյղեց:

«Նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում կատարել Անկախութեան հռչակագիրին կը նշանակէ շարունակել Ղարաբաղի շարժումը, կը նշանակէ վերադառնալ հակամարտութեան տրամաբանութեանը», յայտարարեց Փաշինեան:

Ազրպէյճան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման մասին հռչակագիրի ձեւակերպումները տարածքային պահանջ կը նկատէ, զանոնք Սահմանադրութենէն հանելը խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման նախապայման դարձուցած է:

Հակառակ անոր որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը սահմանադրական մեծամասնութիւն չէ ստացած, ու նախագիծը հանրաքուէի հասցնելու հեռանկարը բարդացած է, բայց Փաշինեան կը յայտարարէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները քուէարկելով «Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան օգտին, քուէարկած են նաեւ այդ օրակարգի օգտին, որովհետեւ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրի կարեւոր դրոյթներէն մէկն է` այն հիմնաւորմամբ, որ Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր օրինական եւ ազատ կամարտայայտմամբ ընդունուած Սահմանադրութիւնը ունենալ եւ ազատ կամարտայայտմամբ իր համար սահմանել իրաւակարգ ու ապրելու կանոններ»:

Leave a Comment