Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտնեց. «Իսրայէլը տակաւին Կոլանը բռնագրաւուած կը պահէ` հակադրուելով ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ ամբողջ միջազգային համակարգին»:
Անդրադառնալով Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն` ամերիկացի պատուիրակը նշեց. «Խնդիրը այն է, որ բանակցութիւններու սեղանին վրայ չկայ մէկը, որ կրնայ որոշում տալ: Որոշում տալու կարողութիւնը ունեցողները Հըզպալլան ու Իրանն են»:
«Ինչպէ՞ս հարցը (Հըզպալլայի զէնքի, «Ա.») պիտի չքանայ, եթէ Հըզպալլան ու Իրանը ներքաշուած չեն», հարց տուաւ ան:
«Իրանին ըրածը «ի միջի այլոց Լիբանանը մերն է» ըսելն է», նշեց Պարրաք: