Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Զէնքի մենաշնորհի կարգախօսին տակ պարտութեան ու անձնատուութեան տեսութիւնը կարծէք սկսած է «նոր հարուստներու» ճամբով տարածուիլ մեր շարքերուն մէջ»:
«Այս պետութեան մէջ կողմերու որեւէ իրաւական փաստաթուղթի վրայ չհիմնուած շրջագծային փաստաթուղթի բնագիրին որդեգրումէն ետք, զինադուլի (1949 թուականի, «Ա.») նշումը այլեւս արգիլուեցաւ», ըսաւ Ժոմպլաթ: