Պուլոս. «Իրան Հըզպալլան Կ՛օգտագործէ Շրջանային Մեր Դաշնակիցներուն Սպառնալու Համար»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ափրիկեան եւ արաբական հարցերու աւագ խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց, որ Իրան Հըզպալլան կ՛օգտագործէ Միջին Արեւելքի մէջ քաոս տարածելու, Լիբանանի գերիշխանութիւնը ականահարելու եւ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն սպառնալու համար:

Պուլոս ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Հըզպալլայի վերաորակաւորումն ու Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասին ու կուսակցութեան գումարներ փոխանցած տասը անձերու դէմ պատժամիջոցներ հաստատելը ցոյց կու տան ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման ցանցը քանդելու Միացեալ Նահանգներու վճռակամութիւնը:

Leave a Comment