Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթօրեայ նամազի իր քարոզին ընթացքին յայտնեց. «Անոնք, որոնք իրենց յոյսը արտաքին ուժերու եւ ներքին սադրանքի վրայ կը դնեն, ի վերջոյ պիտի զղջան: Մենք պիտի կանգնինք միայն այնտեղ, ուր կը պահպանուին Լիբանանի գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր ժողովուրդի, հաստատութիւններու միասնութիւնը եւ անոր քաղաքական նախագիծի սահմանադրականութիւնը:
«Իւրաքանչիւր իշխանութիւն, որ կը լքէ Հարաւը, Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ Պեքայի հովիտը, ինքզինք ուրիշներու համար կը զոհաբերէ: Երկրի իրական պատմութիւնը կը գրուի անոնց կողմէ, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանը, եւ ոչ թէ` անոնց կողմէ, որոնք անոր դէմ դաւադրութիւն կը կազմակերպեն եւ կը ձգտին խաթարել անոր ազգային բաղադրիչները:
«Լիբանանի գոյութիւնը կախեալ է Դիմադրութեան, բանակի եւ ժողովուրդի գոյութենէն` ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ռազմավարութեան ծիրին մէջ: Անոնք, որոնք լիբանանեան բանակին կը խոչըդոտեն իր պաշտպանական պարտականութիւնը կատարել, չեն ուզեր Լիբանանը կամ անոր գերիշխանութիւնը պաշտպանել»:
«Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ Հարաւի, Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքայի հովիտի ժողովուրդը խեղդելը մեզի պիտի ստիպէ զիջումներ կատարել, կը սխալի, որովհետեւ ամէն տեսակի ճնշումը միայն պիտի մեծցնէ մեր անսասանութիւնը, յամառութիւնը, ուժը եւ ազգային իրաւունքներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը:
«Թող գործադիր իշխանութիւնը վերադառնայ իր ժողովուրդին, իր երկրին եւ այն ամէնուն, ինչ որ անհրաժեշտ է Լիբանանը պաշտպանելու համար», նշեց ան:
«Լուծումը հոս է, ոչ թէ` օդանաւի նստարանին վրայ: Ժամանակի ճնշումը պէտք է մեզ միաւորէ, եւ ոչ թէ` բաժնէ: Մենք մէկ ժողովուրդ ենք, եւ ոչ թէ` տասնութ ժողովուրդ: Թշնամին Իսրայէլն է, եւ ոչ թէ` Հարաւի ժողովուրդը: Ռիսքերու գնահատումը կ՛ենթադրէ ազգային միասնութեան վերադարձ, որովհետեւ ատիկա միակ դարպասն է, որուն միջոցով պետութիւնը կրնայ ապահովել Լիբանանի կարիքները բաւարարելու համար արտակարգ իրավիճակներուն արձագանգելու պայմանները», յայտնեց շէյխ Քապալան: