Թրամփ. «Իրան Կարգ Մը Հրթիռներ Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ունի, Սակայն Զանոնք Արտադրելու Անոր Կարողութիւնը Չափազանց Ցած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»` նշելով, որ Միացեալ Նահանգները Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկեն:

Թրամփ աւելցուց, որ եթէ Իրան հիւլէական զէնք ունենար, զայն կ՛օգտագործէր եւ «Իսրայէլն ու ամբողջ Միջին Արեւելքը կ՛ոչնչացնէր»:

Ան ըսաւ, որ Իրան վերածուած է շրջանին մէջ գերիշխող ուժը եւ «բոլորը բռնածաղրի կ՛ենթարկէ»:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը ոչնչացուցած են Իրանի ծովուժն ու օդուժը, ինչպէս նաեւ անոր ղեկավարները, ինչ որ գործարքի կնքումը կը դժուարացնէ:

«Ոչ ոք գիտէ, թէ Իրանը ո՛վ կը ղեկավարէ», աւելցուց ան` Իրանի դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները որակելով «շատ ազդու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ նշեց, որ Իրան տակաւին կարգ մը հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր ունի, սակայն զանոնք արտադրելու անոր կարողութիւնը մեծապէս նահանջեց` բաղդատմամբ հինգ ամիս առաջուան կարողութեան:

Թրամփ ըսաւ, որ Իրան վատ կացութեան մէջ է, այդտեղ սղաճը հասած է 300 առ հարիւրի, եւ իշխանութիւնները բանակի անդամներուն աշխատավարձերը չեն վճարեր:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս իր կարգին յայտնեց, թէ իր երկիրը ունի Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու գործիքներ, որոնց շարքին է զինուորական ընտրանքը` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ամերիկեան ներկայութեան նպատակը Թեհրանի հիւլէական զէնք չունենալը երաշխաւորելն է:

Վանս նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ երբեմն Իրանի դէմ դիւանագիտական եւ տնտեսական գործիքներու կիրարկման կը դիմեն` աւելցնելով, որ իր երկիրը քարիւղի եւ կազի առեւտուրը խոչընդոտել փորձելուն համար գին վճարել պիտի տայ:

Ան ըսաւ, որ հակառակ Հորմուզի նեղուցը փակելու Իրանի փորձերուն, այդ ճամբէն մեծ քանակով քարիւղ կ՛անցնի, եւ կարգ մը օրերու այդ քանակը 15 միլիոն տակառի կը հասնի` աւելցնելով, որ Թեհրանի միջազգային առեւտուրը խոչընդոտելու անկարողութիւնը կը նուազեցնէ զայն իբրեւ ճնշումի խաղաքարտ օգտագործելու անոր կարողութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը աւելցուց, որ իր երկիրը արգելք կը հանդիսանայ ուժանիւթի տագնապին, որ Իրան կը փորձէ պատճառել` եւ նշեց, թէ «Դիւցազնական զայրոյթ» գործողութենէն ետք քարիւղի գիները մեծապէս նուազեցան, եւ ամերիկեան վարչակազմը աշխատանք կը տանի ամերիկացիներուն վառելանիւթի բեռը նուազեցնելու:

Վանս շեշտեց, որ Իրան մեծ ճնշումներ կը դիմագրաւէ, եւ Միացեալ Նահանգներու կեդրոնացումը անոր հիւլէական զէնք ձեռք բերելը արգիլելուն վրայ է:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց, որ Իրան պէտք է ծրագիրներ մշակէ անարդար պատժամիջոցները յաղթահարելու համար:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Թեհրանի մէջ բժիշկներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Աւելի լաւ է պատերազմը աւարտել այսօր, երբ մենք ուժի եւ արժանապատուութեան դիրքի վրայ ենք, եւ ամբողջ աշխարհը կը ճանչնայ մեր յաղթանակը»:

«Այն, ինչ որ բանակցութիւններուն ընթացքին մեծ ձեռքբերում մըն էր, ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ վաւերացուեցաւ», շեշտեց ան:

«Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ կարելի չէ գտնել նոյնիսկ մէկ յօդուած, որ անձնատուութիւն ցոյց կու տայ, բոլոր խոստումները կը վերաբերին միւս կողմին», նշեց Փեզեշքիան:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, թէ Ուաշինկթընի դաշնակիցները մտահոգ են` արդեօք Միացեալ Նահանգները պիտի կարենան անհրաժեշտութեան պարագային զիրենք պաշտպանել:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները «կը մտահոգուին Ուաշինկթընի մտադրութիւններուն համար»` Տանըլտ Թրամփի պետութեան ղեկավարի պաշտօնին վերադառնալէն ի վեր: Հիմա ալ, երբ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնը սպառած է ամերիկեան զինանոցները եւ «մերկացուցած Միացեալ Նահանգներու կարծր ուժի սահմանափակ ըլլալը», Ուաշինկթընի դաշնակիցները կը մտահոգուին նաեւ զիրենք պաշտպանելու անոր կարողութեան համար:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը յայտնէ, որ այլ երկիրներու պաշտօնատարները Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նկատեն «արդիւնաբերական անկում, ռազմավարական անհետեւողականութիւն եւ քաղաքական անգործունութիւն», եւ հարց կու տան, թէ արդեօք ատիկա թուլացուցա՞ծ է երկիրը այն աստիճանի, որ ան ունակ պիտի չըլլայ վճռորոշ դեր խաղալու Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ հակամարտութեան` քանի մը ճակատներով տարածման պարագային: «Այս կասկածները կը կիսեն շատերը նաեւ նոյնինքն Ուաշինկթընի մէջ», կ՛ընդգծէ օրաթերթը:

Փենթակոնն ու Սպիտակ տունը կը հերքեն Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու զինամթերքի պակասը, սակայն, վերլուծական հիմնարկներու եւ փորձագէտներու գնահատականներով, Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի մէջ սպառած է «Փաթրիոթ» եւ ԹԱԱՏ հակահրթիռներու նախապատերազմեան պաշարներու շուրջ կէսը, ինչպէս նաեւ «Թոմահոք» եւ ԺԱՍՍՄ հրթիռներու զինանոցին մէկ երրորդը:

Ռիապքով. «Նոյնիսկ ԻրանՕման Բանակցութիւններու Յաջող Աւարտի Պարագային Շրջանին Մէջ Իրավիճակի Հետագայ Մագլցման Վտանգ Գոյութիւն Ունի»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց. «Իրավիճակի հետագայ վատթարացման եւ լարուածութեան մագլցման վտանգները կը պահպանուին նոյնիսկ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւագնացութեան դրութեան վերաբերեալ Իրանի եւ Օմանի միջեւ բանակցութիւններու յաջող աւարտի պարագային»:

Ան նշեց, որ Արաբական ծոցին մէջ տիրող ընթացիկ իրավիճակը դժուար է «դադար» կոչել` հաշուի առնելով հարուածներու բաւական կանոնաւոր փոխանակումը, կրկին հաստատուած ծովային շրջափակումը եւ ճգնաժամին մէջ ներգրաւուած կողմերու կազմի ընդլայնումը:

«Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ անկայունութեան գլխաւոր գործօններէն մէկը բանակցային հոլովոյթի բազմակի խախտումներէն ետք ձեռք բերուող համաձայնութիւններու ամրութեան նկատմամբ կողմերու վստահութեան բացակայութիւնն է», աւելցուց Ռիապքով:

 

Leave a Comment