Այսօր ժամը 21:30-ին, Տորթմունտի Սիկնալ Իտունա Փարք» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Ֆրանց Պեքենպաուըր»-ի անուան Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումը, ախոյեան եւ բաժակակիր Պայերն Միւնիխի եւ անցեալ տարուան Բ. դիրքը գրաւած Պորուսիա Տորթմունտի միջեւ: Ասիկա կը նկատուի Գերմանիոյ «Տեր Քլասիքեր» մրցումը:
Պայերն իր վերջին 10 մրցումներուն կրցած է յաղթել Տորթմունտին, մինչ Տորթմունտ միայն 1 յաղթանակ արձանագրած է եւ 3 հաւասարութիւններ: Անցեալ տարեշրջանին Պայերն 2-1 եւ 3-2 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Տորթմունտին:
Երկու խումբերն ալ փոփոխութիւններ ունեցան իրենց մարզիկներուն գծով: Տորթմունտ իր համակիրներուն ներկայութեան փոքր առաւելութիւն մը պիտի ունենայ, բայց Պայերն Միւնիխ իր փորձ-մրցումներուն դրական արդիւնքներ կրցած էր արձանագրել նոյնիսկ առանց հիմնական մարզիկներուն վստահելու: Պայերնի միակ հարցը իր յառաջացող միջնապահ Ժամալ Մուսիալան է, որ երկու փորձ-մրցումներուն իր ուշքը կորսնցուցած էր` աւելի ուշ հաստատելով, որ ջղային դրութեան անհանգստութիւն ունի, որ զինք լուսնոտութեան նման պարագայի առջեւ կը դնէ:
Գերմանիոյ 140-րդ տերպիին մէկ կողմէ Եուլիան Ռայերսոն (Տորթմունտ) եւ միւս կողմէ Մայքըլ Օլիսէ պիտի փորձեն առիթներ ստեղծել իրենց խմբակիցներուն: Անցեալ եղանակին Ռայերսոն 15 էսիսթ կատարած էր Տորթմունտի հետ եւ միայն Օլիսէն է, որ մէկ էսիսթ աւելի կատարած էր Գերմանիոյ մէջ: Տորթմունտի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Նիքօ Շլոթերպաք տակաւին վիրաւոր է եւ պիտի բացակայի, մինչ Պայերնէն կրնան բացակայիլ Ժամալ Մուսիալա եւ Քոնրատ Լայմեր: