Ակնարկ. Միջնորդութեան Ետին

Թուրքիա-Իսրայէլ հռետորաբանական-տեղեկատուական լարուածութեան խորապատկերին վրայ կ՛երեւի Անգարայի յատուկ պատուիրակութեան այցելութիւնը Պէյրութ: Կը նշուին երկու անձնաւորութիւններ` Էրտողանի զաւակը, որուն կը վերագրուի մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութիւններու ծրագիրներու պատասխանատուութիւն, եւ արտաքին հետախուզութեան պետը:

Անսպասելի չէր, որ երկու ուղղութիւններով ալ փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպուէին, մանաւանդ նկատի ունենալով վարչապետին եւ ապա նախագահին կատարած այցելութիւնները Անգարա, այնտեղ հնչած յայտարարութիւնները եւ հետագայ գործընթացի ուղենշային կէտերը:

Ամփոփենք այս այցելութիւններուն գծով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն հաղորդած տեղեկութիւնները:

– Թրքական հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընի Լիբանան սպասուող այցելութիւնը լաւատեղեակներու եւ դիտորդներու կողմէ շատ կարեւոր կ՛որակուի, որովհետեւ գոյութիւն ունին զգայուն թղթածրարներ, որոնք երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի հանդիպումներ կը պահանջեն, ինչպէս նաեւ կ՛ենթադրեն լիբանանեան բոլոր կողմերուն ցրուում թրքական պատգամներու` հասկնալու համար յառաջիկայ փուլն ու այն փոփոխութիւնները, որոնք կրնան յանկարծ երեւան գալ:

– Իպրահիմ Քալըն լիբանանեան պետութեան ու Հըզպալլայի միջեւ միջնորդութիւն պիտի կատարէ` մերձեցում ու երկխօսութիւն կատարելու եւ երկու կողմերը բաւարարող արդիւնքներու հասնելու համար:

– Այստեղ է թուրք այցելուին դժուար առաքելութիւնը` մեծ հետաքրքրութեամբ եւ որոշումով երկու կողմերուն միջեւ լուծում գտնելու, առանց կուսակցութեան հետ քաղաքական բախումի կամ տեսակէտներու շուրջ անհամաձայնութեան մէջ մտնելու, որովհետեւ նպատակը լիբանանեան բոլոր կուսակցութիւններուն հետ կապերը բաց պահելն է, եւ ասիկա Անգարային կու տայ քաղաքական գործողութիւններու մեծագոյն կարելիութիւնը, յաջող միջնորդի դեր խաղալու համար:

Այս տեղեկութիւններէն կը հետեւցուի, որ առաքելութեան նպատակը միջնորդութիւն կատարելն է Դիմադրութեան եւ  կառավարութեան միջեւ: Միջնորդութիւնը դերակատարութիւն վերցնել է. իսկ դերակատարութիւնը, ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով, ազդեցութիւն տարածելը: Անգարան փորձ կը կատարէ աւելի լայն շրջածիրին մէջ միջնորդութիւն իրականացնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ: Այդ դերը առաւելաբար Իսլամապատը ստանձնած է , որուն հետ Թուրքիան եռակողմ համաձայնութիւն ունի Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Հիմա միջնորդութիւնը կը կեդրոնանայ ներլիբանանեան հարթակին վրայ: Պարզ է, որ ներկայ իրավիճակին մէջ Անգարայի միջնորդութիւնը ընկալելի չ՛ըլլար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ: Ընդհակառակը, Անգարան ցուցականօրէն կ՛ուզէ համոզել, որ անհանգիստ է Իսրայէլի գործողութիւններէն: Ցուցական այդ անհանգստութիւնը Անգարային առջեւ կը հարթէ ենթահող Հըզպալլայի եւ անոր ճամբով Իրանի համար իբրեւ միջնորդ ընկալելի դառնալու միտումներուն մէջ: Քաղաքական տրամաբանութեամբ Իսրայէլի հարուածը սուրիական տարածքին վրայ տեղակայուող թրքական ռազմակայանին ըստ էութեան կը նպաստէ միջնորդին ընկալելի դառնալուն:

Հիմա, մտաբերենք նախագահ Թրամփի յայտարարած յանկերգը` Հըզպալլայի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու: Նման անվտանգային խնդիր, տակաւին իր անվտանգային հարցերը չլուծած Սուրիոյ վստահիլը շղարշային է: Սուրիոյ գործող իշխանութիւնները յատկապէս անվտանգային տարածաշրջանային խնդիրները կը համակարգեն Անգարայի հետ: Իսկ ասիկա` Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեամբ եւ յանձնարարութեամբ:

Ցուցադրականօրէն Իսրայէլի հետ հակամարտութեան սեմին գտնուող Թուրքիան այլ պատգամներ ալ կը սահեցնէ: Արծարծել կու տայ իր անհանգստութիւնը Իսրայէլի հետ լիբանանեան համաձայնութեան միակողմանիութեան եւ Իսրայէլի նպաստաւորման առումով:

Ուժերու կուտակում ծովային եւ ցամաքային սահմաններու մէջ, հռետորաբանական եւ տեղեկատուական լարուածութիւն, սակայն ուղղակի բախումներու բացակայութիւն` կը բնութագրեն այսօր Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները: Այս խորապատկերին վրայ միջնորդական առաքելութեան նպատակով այցելութիւններ, որոնք կրնան գործնական տեսք ստանալ լիբանանեան տարածքներու վրայ:

«Ա.»

 

 

Leave a Comment