«Տիգրանաշէն գիւղը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան հաւանական յանձնելը անմիջական սպառնալիք պիտի ստեղծէ անվտանգութեան համար եւ պիտի կտրէ Հայաստանի կեդրոնը անոր հարաւին հետ կապող առանցքային փոխադրական զարկերակները»: Այս մասին 20 օգոստոսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանը:
Մեկնաբանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները անքլաւներու եւ սահմաններու սահմանազատման վերաբերեալ` պատգամաւորը շեշտած է, որ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին իբրեւ տարածքներու փոխանցման իրաւական հիմք յղումները անհիմն են:
«Տիգրանաշէնը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ազրպէյճանի յենակէտի տեղակայումը ուղիղ երկրի մէջտեղը` դէպի հարաւ տանող մայրուղիի վրայ, կը ստեղծէ ահռելի վտանգներ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ հիւսիսը գտնուող տարածքներուն, ինչպիսիք են Բարխուդարլուն եւ Սոֆուլուն: Մեր ազգային անվտանգութիւնը կը պահանջէ ազրպէյճանական զօրքերու անվերապահ դուրսբերում Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, այլ ոչ թէ ռազմավարական բարձունքներու եւ ճանապարհներու զիջում` սահմանազատման անուան տակ», ընդգծած է Խաչատրեան:
Պատգամաւորը նաեւ ուշադրութեան հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ 2020 թուականէն ի վեր Հայաստանը միայն հետեւողականօրէն կը զիջի տարածքներ` փոխարէնը ազրպէյճանական կողմէն չստանալով որեւէ քայլ հայկական հողի բռնագրաւուած հատուածներու ազատագրման ուղղութեամբ: