Պայրագտարեան Ընդունեց Քաթարի Դեսպանատան Գործավարը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպանատան գործավար Սէյֆ Պըն Մաժետ Ալ Մանսուրին:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու կողմերուն միջեւ գործակցութեան շրջագիծը եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Քննարկուեցան նաեւ այն աշխատանքները, զորս նախարարութիւնը մտադիր է գործադրել:

 

Leave a Comment