Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Նշեց. «Իշխանութիւնը Պէտք Է Շրջագծային Համաձայնութեան Մահը Յայտարարէ Եւ Բանակցութիւններէն Հեռանայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ իր հերթական նիստէն ետք յայտարարեց. «Սիոնական բռնագրաւող թշնամին լիբանանեան իշխանութեան հետ շրջագծային համաձայնութեան ետին կը պահուըտի` հարաւային Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին դէմ իր բացայայտ ոճիրը գործելու համար (…), մինչ իշխանութիւնը կը խորանայ իր զիջողական, անձնատուական եւ անկումային վարքագիծին մէջ` չկարենալով կատարել իր ամէնէն պարզ քաղաքական, գերիշխան եւ դիւանագիտական պարտականութիւնները, ինչ որ թշնամին կը խրախուսէ իր կոտորածները եւ ցեղասպանական յանցագործութիւնները կատարելու»:

Պլոքը արձանագրեց իր «խիստ դժգոհութիւնը իշխանութեան` իր զիջողական բանակցային վարքագիծը շարունակելու մօտեցման վերաբերեալ, որ չէ հասած իշխանութեան կողմէ ամօթալի համաձայնագիրին իր մասնակցութիւնը արդարացնելու համար առաջադրած որեւէ նպատակի եւ պայմանի իրագործման: Նպատակներ եւ պայմաններ, որոնցմէ առաջինը սպանութիւններու եւ յարձակումի գործողութիւններու դադրեցումն ու թշնամիի հեռացման ապահովումն է»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իշխանութեան վերստին կոչ ուղղեց` շրջագծային համաձայնութեան մահը յայտարարելու եւ բանակցութիւններէն հեռանալու:

Պլոքը նաեւ դատապարտեց Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումը, որ թիրախաւորեց Իտլիպի մէջ Ապու Զուհուր օդակայանը: Պլոքը յարձակումը նկատեց «սուրիական պետութեան գերիշխանութեան անսանձ ոտնահարման այլ երեւոյթ մը»:

Նշենք, որ Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ուրբաթօրեայ նամազի պատգամին ընթացքին յայտարարեց. «Իշխանութիւնը մեղսակից է մեր զաւակներու արեան հեղման եւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործուող ոճիրին»:

 

Leave a Comment