Ռաժժի. «Շիպանիի Լիբանանի Մէջ Ներկայութեան Շարունակման Որեւէ Իրաւական Արդարացում Իրաւական Հերետիկոսութիւն Է»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան նշանակուած Մոհամետ Ռիտա Շիպանիի Լիբանան մուտքի արտօնագիրին 24 օգոստոսին աւարտելու նիւթը որեւէ մեկնաբանութիւն չի հանդուրժեր, եւ դիւանագէտ մը հազիւ անբաղձալի անձ յայտարարուի, պէտք է հիւրընկալող պետութեան հողերէն հեռանայ, եւ անոր նախապէս տրուած մուտքի կամ կեցութեան արտօնագիրը կը դադրի իրաւական ազդեցութիւն ունենալէ: Ուստի, անոնցմէ որեւէ մէկը վերանորոգելու մասին խօսակցութիւնը իրաւական հերետիկոսութիւն է եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքի ու կիրարկուող դիւանագիտական արժեչափերու պարզագոյն կանոններուն:

«Այսինքն` Շիպանիի մուտքի արտօնագիրի վաւերականութեան շարունակման կամ զայն երկարաձգելու կարելիութեան մասին որեւէ խօսակցութիւն իրաւականօրէն հիմնաւորուած չէ եւ չի կրնար հիմք հանդիսանալ Լիբանանի մէջ անոր ներկայութեան շարունակման», շեշտեց Ռաժժի:

«Շիպանիի` զայն անբաղձալի անձ յայտարարելու որոշումէն ետք Լիբանանի տարածքին մէջ անոր ներկայութեան շարունակումը կը հակասէ Լիբանանի պետութեան կողմէ տրուած յստակ գերիշխան որոշումին:

«Այս որոշումը վերջնական է եւ կիրարկելի, չ՛ընդունիր բացառութիւններ, մեկնաբանութիւններ կամ շրջանցումներ, ինչպէս նաեւ չի կրնար ենթարկուիլ որեւէ անուան տակ որեւէ «կարգավիճակի կարգաւորման», աւելցուց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը:

Leave a Comment