Եաաքուպ. «Թրամփի Եւ Նեթանիահուի Ընտրական Շահերու Հակասութիւնը Կրնայ Ի Նպաստ Լիբանանի Անցք Մը Բանալ»

«Նահժ» շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ընտրական շահը մագլցումը շարունակելն ու Լիբանանի հետ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան առումով որեւէ զիջում չկատարելը, ինչպէս նաեւ Ալի Թահեր բարձունքին տիրելով զինուորական ձեռքբերում արձանագրելն է»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրական շահերէն կը բխի Իրանի հետ հանդարտեցումը, Հորմուզի նեղուցի բացումն ու քարիւղի գիներու նուազեցումը», նշեց ան:

«Իրանեան առաջին նախապայմանը զինադադարն ու Լիբանանի ճակատէն հեռացումն է», յիշեցուց «Նահժ» շարժումի ղեկավարը:

«Շահերու այս հակասութիւնը յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին պիտի մեծնայ, եւ թերեւս ատիկա ի նպաստ Լիբանանին անցք մը կրնայ բանալ, սակայն պայմանով, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւն ըլլայ, եւ ատիկա հանրապետութեան նախագահի ուսերուն վրայ է, նախքան առիթը կորսուիլը», նշեց Եաաքուպ:

Leave a Comment